Հարաւային Կովկաս պիտի գայ խաղաղութեան եւ կայունութեան դարաշրջանը: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան առաջնորդներու գագաթաժողովին ելոյթ ունենալով:
«Յոյս ունինք, որ հարազատ Ատրպէյճանը կ’ամրապնդէ պատմական յաջողութիւնը,- ըսած է Էրտողան։- Կ’ակնկալենք, որ Ատրպէյճան շուտով կ’ամրապնդէ իր պատմական յաջողութիւնը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ՝ ստորագրելով խաղաղութեան պայմանագիր (Հայաստանի հետ)»: