Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Փտածութիւնը Արմատախիլ Ընելու Քաղաքական Կամքի Բացակայութիւն Չկայ. Փաշինեան

Հայաստանի Մէջ Փտածութիւնը Արմատախիլ Ընելու Քաղաքական Կամքի Բացակայութիւն Չկայ. Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Հակափտածութեան կոմիտէ, ուր մասնակցած է կառոյցի կազմաւորման երրորդ տարեդարձին եւ Հակափտածութեան կոմիտէի ծառայողի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր նիստին:

Նախ Հակափտածութեան կոմիտէի նախագահ Սասուն Խաչատրեան զեկուցած է կոմիտէի 2024 թուականի գործունէութեան ընթացքին վերաբերեալ:

Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեան հանդէս եկած է ելոյթով, շնորհաւորած է Հակափտածութեան կոմիտէի կազմաւորման երրորդ տարեդարձին եւ Կոմիտէի ծառայողի օրուան առիթով, շնորհակալութիւն յայտնած է այս ընթացքին կատարած աշխատանքին համար: «Ի հարկէ, հասկանալի է, որ նոր համակարգ ձեւաւորելը շատ բարդ եւ մարտահրաւէրներով լի աշխատանք է: Այս ընթացքում՝ վերջին երեք տարիներին, Հակափտածութեան կոմիտէի կայացման գործում շատ մեծ եւ լուրջ ջանքեր են գործադրուել: Բայց նաեւ հետեւեալը պիտի նկատեմ, որ որեւէ համակարգի կայացման աւարտն ազդարարելու կէտ չկայ»,- ըսած է վարչապետը եւ յաւելած, որ եթէ այդպիսի կէտ կայ, ապա ատիկա կը կոչուի լճացում:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, պէտք չէ սպասել, որ կայացման եւ անցումային շրջանները անցնին, որպէսզի առաքելութիւնը կատարուած համարուի, քանի որ կայացման կէտ չկայ, եւ պէտք է անընդհատ ձգտիլ կատարելագործման, զարգացման: «Այդ առումով, շնորհակալութիւն յայտնելով ձեզ աշխատանքի համար, ուզում եմ ընդգծել, որ բարեբախտաբար, թէ դժբախտաբար Հակափտածութեան կոմիտէի վերաբերեալ իմ ասելիքն, ընդհանուր առմամբ, տեղաւորւում է ընդհանուր իրաւապահ համակարգի գործունէութեան վերաբերեալ իմ ասելիքի շրջանակում: Ասել, որ, ընդհանուր առմամբ, կայ դժգոհութիւն մեր իրաւապահ համակարգի գործունէութիւնից, ճիշդ չի լինի: Բայց, այնուամենայնիւ, պէտք է արձանագրել, որ կայ անբաւարարուածութեան ինչ-որ զգացողութիւն ե՛ւ հանրութեան շրջանում, ե՛ւ իրաւապահ համակարգում: Եւ դա կապուած է շատ յստակ իրողութիւնների հետ»,- նշած է երկրի ղեկավարը եւ խօսած այդ իրողութիւններուն մասին:

Վարչապետը ընդգծած է, որ դատաիրաւական համակարգի առաւելագոյն արդիւնաւէտ աշխատանքի համար Կառավարութենէն եւ անձամբ իրմէ ակնկալուող ամէն բան կատարուած է:

«Տեղի են ունեցել հաստատութենական լրջագոյն բարեփոխումներ, տեղի են ունեցել օրէնսդրական բարեփոխումներ, տեղի են ունեցել ընկերային երաշխիքների համակարգի էական բարեփոխումներ քննչական համակարգում, դատախազական համակարգում, դատական համակարգում, ներդրուել են նաեւ որոշակի օրէնսդրական եւ տեխնիկական հնարաւորութիւններ: Եւ թերեւս այս փուլում գոնէ ինձ համար արձանագրում եմ, որ չկայ այդպիսի բան, որ դատաիրաւական համակարգը Կառավարութիւնից ակնկալել է, եւ Կառավարութիւնն ասել է, որ այդ ակնկալիքը չի բաւարարի այն ըմբռնմամբ, որ զարգացման տրամաբանութեամբ միշտ էլ պէտք է Կառավարութիւնից ակնկալիքներ լինեն, որովհետեւ ժամանակն առաջ է գնում, նոր պահանջներ են ի յայտ գալիս կամ նոր անհրաժեշտութիւններ: Բայց միւս կողմից՝ մեր ընկալումը հետեւեալն է, որ այդ բոլոր գործողութիւններն իրաւապահ համակարգում անելուց, այդ բոլոր ներդրումներն անելուց յետոյ պէտք է նաեւ որոշակի նախնական արդիւնքներ տեսնենք, մանաւանդ մի միջավայրում, որ կարող ենք արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում արդարութիւն եւ արդարադատութիւն հաստատելու, փտածութեան կանխարգելման եւ փտածութիւնը արմատախիլ անելու մասով քաղաքական կամքի բացակայութիւն, ընդհանրապէս, չկայ: Ընդհակառակը՝ կայ յստակ, աներկբայ, միանշանակ քաղաքական կամք, որ դա Հայաստանի Հանրապետութիւնում պէտք է տեղի ունենայ: Բայց դա տեղի չի ունենում, ակնյայտօրէն: Բայց ես այն կարծիքին էլ չեմ, որ դա էլ մի կէտ է, որ պէտք է ասենք վերջ, աւարտուեց, այլեւս այդ խնդիրը լուծուած է»,- ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետին խօսքով՝ իր զգացողութեամբ հանրութեան տրամադրութիւնը այնպիսին է, որ Հայաստանի մէջ այսօր մեծ ծաւալի փտածութիւն կայ, մեծ ծաւալի անարդարութիւններ կան, մեծ ծաւալի ապօրինութիւններ կան, որ, ըստ անոր, այլեւս կը դառնայ քաղաքական խնդիր: Այս ծիրին մէջ, խօսելով դատական եւ դատաիրաւական համակարգի անկախ ըլլալուն մասին՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է. «Այստեղ ոչ մէկ չի կասկածում: Ընդ որում՝ ես ուզում եմ ընդգծել, որ Կառավարութիւնն ապահովել է բոլոր պայմանները, որպէսզի Հայաստանում լինի անկախ դատաիրաւական համակարգ: Այսօր բացառուած է, չի կարող լինել մի եզակի դէպք, որ ոեւէ մէկն ասի, որ Կառավարութեան քաղաքական դժկամութեան կամ քաղաքական հակազդեցութեան պատճառով որեւէ գործ առաջ չի գնում, որովհետեւ Կառավարութիւնը թոյլ չի տալիս, որովհետեւ Կառավարութիւնը խոչընդոտ է հանդիսանում: Այդպիսի բան չի կարող ընդհանրապէս լինել: Եւ ես երաշխաւորում եմ, որ իմ վարչապետ ընտրուելու օրուանից այդպիսի որեւէ եզակի դէպք չի արձանագրուել ու չի արձանագրուելու»:

Վարչապետը յաւելած է, որ անով հանդերձ արդարադատութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ տեղապտոյտի զգացողութիւն կայ: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, սա այն կէտն է, որ կապուած չէ դատաիրաւական համակարգի անկախ ըլլալուն հետ, եւ կապուած է քաղաքական իշխանութեան հետ, քանի որ ըստ էութեան, երկրին մէջ արդարութեան, օրինականութեան, արդարադատութեան թիւ մէկ պատասխանատուն Կառավարութիւնն է: «Եւ սա է պատճառը, որ ես ինքս ստիպուած եմ աւելի հրապարակային եւ աւելի մանրամասն այս թեմաների մասին խօսել, արտայայտուել: Եւ մենք պէտք է գտնենք լուծումներ, թէ որտեղ է խնդիրը»,- նշած է վարչապետը:

Ամփոփելով իր խօսքը՝ Նիկոլ Փաշինեան եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնած է կատարուած աշխատանքին համար եւ մաղթած է յաջողութիւններ:

Իրաւակարգի եւ օրինականութեան ամրապնդման գործին մէջ ներդրած աւանդին համար Հակափտածութեան կոմիտէի քննչական չորրորդ վարչութեան պետի տեղակալ Սմբատ Մխիթարեան եւ Հակափտածութեան կոմիտէի քննչական երկրորդ վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերով աւագ քննիչ Վահէ Մարտիրոսեան պարգեւատրուած են ՀՀ վարչապետի յուշամետալով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment