Խաղաղութեան համաձայնագրի վիճայարոյց երեք կէտերը X-ի իր էջով գաղտնազերծած է Ալիեւի կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Ֆարիտ Շաֆիեւ։ Ըստ անոր՝ անոնցմէ մէկը Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, միւսը Երեւանի կողմէ «իրաւական եւ դիւանագիտական վէճերու» բացառման, վերջինն ալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին օտար ուժերու բացակայութեան մասին է:
Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարը, անդրադառնալով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մօտ կանգնած այս փորձագէտի պնդումներուն, վստահեցուց՝ Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին մէջ չկայ: Իսկ արդեօ՞ք միւս երկու կէտերը իրաւական վէճերու բացառման եւ սահմանէն օտար ուժերու դուրս բերման մասին են։
«Քանի որ այս պահին բանակցութիւններն ընթանում են, ես ճիշդ չեմ համարում ամբողջութեամբ բացել, թէ ինչի շուրջ են ընթանում քննարկումները, բայց այոյ, ինչպէս նշեցի, կան չհամաձայնեցուած կէտեր. եւ սրանց շուրջ պիտի շարունակուեն քննարկումները»,- ըսաւ Վահան Կոստանեան:
«Ազատութեան» հարցումին՝ Հայաստանի համար ընդունելի՞ է պայմանագրի կնքման պարագային ԵՄ դիտորդներու դուրս բերումը, արտաքին գործերու փոխնախարարը պատասխանեց. «Այս պահին Հայաստանի Հանրապետութիւնը, քանի դեռ մենք ունենք չսահմանազատուած սահման Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ, քանի դեռ առկայ են խնդիրներ, գտնում է, որ Եւրամիութեան դիտորդների ներգրաւումը Հայաստան-Ատրպէյճան միջպետական սահմանին կարեւոր անվտանգային ու կայունութեան նշանակութիւն ունի»:
Անդրադառնալով դիւանագիտական վէճերու հետ կապուած հարցին՝ ան արձագանգեց. «Ընդհանուր գործընթացի ու ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ պիտի նայել: Հայաստանի Հանրապետութեան համար կան նաեւ այս համաձայնագրից դուրս շատ կարեւոր հարցեր, այդ թւում՝ մարդասիրական հարցեր, որոնք հասցէագրման կարիք ունեն»:
Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ սերտ կապերով յայտնի փորձագէտը նոյն գրառման մէջ յառաջ քաշած է նաեւ Հայաստանի ապառազմականացման հարցը: Հայաստանէն երկու անգամ մեծ ռազմական պիւտճէ ունեցող Ատրպէյճանէն պաշտօնեաները նաեւ ժամանակ առ ժամանակ կը խօսին «Հայաստանի զինուած ուժերուն նկատմամբ սահմանափակում կիրառելու մասին»: