Home Uncategorized Օվեռն-Ռոն-Ալփ Տարածաշրջանի Վեց Քաղաքներու Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Սիւնիք. Տըքոթինյի

Օվեռն-Ռոն-Ալփ Տարածաշրջանի Վեց Քաղաքներու Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Սիւնիք. Տըքոթինյի

by MassisPost

Օվեռն-ռոն-ալփ տարածաշրջանի վեց քաղաքի պատուիրակութիւնը՝ տարածաշրջանի փոխնախագահ եւ Վիենի քաղաքապետ Թիերի Քովաչի գլխաւորութեամբ այցելած է Հայաստանի ռազմավարական տարածաշրջան՝ Սիւնիք: Այդ մասին X-ի իր էջով տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:

«Նախագահ Լորան Վոքյէի նախաձեռնութեամբ երկու տարածաշրջաններուն միջեւ 2023 թուականի Մարտին հաստատուած յարաբերութիւնները կը զարգանան եւ կը խորանան»,- նշած է դիւանագէտը:

Ան տեղեկացուցած է, որ Պրոնի, Վյենի, Մոռնանի, Սեն Շամոնի, Մոնթելիմարի եւ Լէ Փյուի ան Վելէի ներկայացուցիչները հանդիպած են Սիւնիքի համայնքապետարաններուն մէջ գործընկեր քաղաքներու քաղաքապետներուն հետ: Սիւնիքի բոլոր քաղաքները շուտով քոյր քաղաքներ պիտի դառնան Օվեռն-ռոն-ալփ շրջանի քաղաքներուն հետ, յայտնած է դեսպանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment