Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Պուտափեշթի Մէջ Պիտի Մասնակցի Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Գագաթաժողովին

Փաշինեան Պուտափեշթի Մէջ Պիտի Մասնակցի Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Գագաթաժողովին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով մեկնած է Հունգարիա։ Նոյեմբեր 7-ին ան Պուտափեշթի մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի հինգերորդ գագաթաժողովին:

Հունգարիոյ մէջ նախատեսուած են երկկողմ հանդիպումներ միջազգային գործընկերներու հետ, կը յայտնեն կառավարութենէն, առանց այլ մանրամասնութիւններու։

Ամառը Լոնտոնի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի չորրորդ գագաթաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը։ Այնտեղ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը տապալեցաւ, Երեւանն ու Պաքուն իրարու մեղադրեցին անոր համար։

Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին հրաւիրուած են մասնակցելու նաեւ Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւններու պաշտօնեաները: Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղեկութիւն չկայ, թէ արդեօք Ալիեւ պիտի մասնակցի՞ այս գագաթաժողովին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment