Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը մեծապէս պիտի օգնէ Երեւանի եւ Պաքուի հաշտեցման։
Ինչպէս յայտնած է ԹԱՍՍ-ը, լրագրողներու հետ զրոյցին այդ մասին ըսած է Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեան։
«Այդպիսի քայլը մեծապէս կը նպաստի հաշտեցմանը»,- ըսած է Արսէնեան ու յաւելած, որ պահուող անձերու ազատ արձակման հետ կապուած մնացած հարցերը պէտք է ուղղել ատրպէյճանական կողմին։
Արսէնեան նաեւ ընդգծած է՝ եթէ Երեւանն ու Պաքուն կ’երթան խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու ճանապարհով, կը պատրաստուին ամբողջ աշխարհին յայտարարելու, որ երկու պետութիւնները, ազգերը պիտի ապրին խաղաղութեան եւ համագործակցութեան պայմաններու մէջ, ապա պէտք է սկսին քայլերէ, որոնք կը գնահատուին։
Դեսպանը, ըստ աղբիւրին, չէ մեկնաբանած Ատրպէյճանի մէջ պահուող Ռուբէն Վարդանեանին վերաբերած առանձին հարցումը՝ շեշտելով, որ Երեւանի համար Հայաստանի քաղաքացիներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ։