Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԳ Փոխնախարարը Կը Հաստատէ՝ ԵՄ-ի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Սպառնալիքներ Ստացած Է Ատրպէյճանի Դեսպանէն

ԱԳ Փոխնախարարը Կը Հաստատէ՝ ԵՄ-ի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Սպառնալիքներ Ստացած Է Ատրպէյճանի Դեսպանէն

by MassisPost

Արտաքին գործերու փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան արձագանգելով լուրերուն, թէ ԵՄ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանի նկատմամբ ԵՄ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը սպառնալիքներ հնչեցուցած է, ըսաւ. «Մեզ հասած տեղեկութիւններով` ընդունելութեան ընթացքում վիրաւորանքներ ու սպառնալիքներ են հնչել, որի վերաբերեալ յայտնել ենք պելճիքական կողմին յայտագրով, ինչպէս նաեւ Եւրամիութեանը։ Եւ այդ հարցով հետաքննում է տեղի ունենում»։

Աւելի վաղ Politico-ն գրած էր, որ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան յայտնած է, որ սպառնալիքնէր ստացած է Ատրպէյճանի դեսպան Վաքըֆ Սատիքովի կողմէ։ Հայաստանի դեսպանութիւնը այս առնչութեամբ պաշտօնական բողոք յղած է Պրիւքսէլի մէջ այլ դիւանագիտական առաքելութիւններուն։

Կը նշուի, որ միջադէպը տեղի ունեցած է Պրիւքսէլի Tangla հիւրանոցին մէջ ընդունելութեան ժամանակ, որ կազմակերպուած էր Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ՝ ի պատիւ երկրի ազգային տօնին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment