Կլէնտէյլի Հայ Նազովրեցի Եկեղեցին, որ առաջին Հայ Աւետարանական Եկեղեցին է Կլէնտէյլի մէջ, կը տօնէ իր հիմնադրութեան 45-րդ ամեակը։
Ա. 5 Հոկտեմբեր 2024-ին, տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ 45 ամեակի փառաբանական ճաշկերոյթը։
Եկեղեցւոյ Ալաճաճի սրահը լեցուած էր 200-է աւելի եկեղեցւոյ անդամներով եւ բարեկամներով, որոնք ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ ներկայ եղան եւ Աստուծոյ փառք տուին եկեղեցւոյ ծառայութեան համար։
Գեղարուեստական յայտագրին կողքին եւ պատմական տեսաերիզի ներկայացումէ ետք, արտասանուեցան շնորհաւորական խօսքեր եւ ապա Եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան իր պատգամը փոխանցեց, ուր գնահատանքով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ անցեալի Հովիւներուն, ինչպէս նաեւ անցեալի եւ ներկայի բոլոր նուիրական ծառայողներուն եւ նուիրատուներուն ու շեշտը դրաւ Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրներուն, ռազմավարութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն վրայ։
Ճաշկերոյթը վերջացաւ 45-ամեակի կարկանդակի հատումով, փառաբանութեան երգով եւ Վեր. Մկրտիչեանի Օրհնութեան աղօթքով։
Բ. Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2024, յատուկ օր մըն էր, Հայ Նազովրեցի Եկեղեցիին եւ Կլէնտէյլի գաղութին։
Եկեղեցւոյ պաշտամունքի ընթացքին Եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան անդրադարձաւ Խաչվերացի եւ Վարագայ Խաչի տօներուն եւ շեշտեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Խաչին կարեւորութիւնը եւ Անոր պատգամը ուղղուած իւրաքանչիւր հայորդիի։
Ապա խուռներամ ժողովուրդը ուղղուեցաւ Եկեղեցւոյ շրջափակ եւ հոն Վեր. Մկրտիչեան անդրադարձաւ 1915 ի Ցեղասպանութեան, Տէր զօրի կիզիչ անապատներէն Աստուծոյ հրաշագործութեամբ վերապրողներուն, Խաչի պատգամին եւ թէ ինչպէս Քրիստոսակեդրոն հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ լեցուած մեր հայրերն ու մայրերը հասան Կլէնտէլ եւ հիմնեցին առաջին Հայ Աւետարանական Եկեղեցին Կլէնտէլի մէջ, շեշտը դնելով խաչին պատգամին վրայ եւ ամէն ջանք թափեցին որպէս զի նոր սերունդը չը մոռնայ անցեալը եւ չը մոռնայ մեր պապերու հողերը ու չըմոռնայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։
«Շարունակելով մեր պապերու հաւատքի ժառանգը եւ նկատի առնելով խաչի խիստ էական կարեւորութիւնը, Եկեղեցւոյ ժողովուրդի ու բարեկամներու նուիրատութիւններով, այսօր կը կատարենք հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար յուշարձանի բացում նուիրումը՝ Կլէնտէյլի Հայ Նազովրեցի Եկեղեցիի շրջափակէն ներս, ի յարգանք 1915-ի ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ անոնց յիշատակը յաւերժացողներուն»։
Ապա Եկեղեցւոյ Հովիւը կատարեց Խաչքարի նուիրման յատուկ աղօթքը։
«Հայր Մեր»ի երգեցողութենէն, Օրհնութեան աղօթքէն եւ Կիլիկիա մաղթերքի երգեցողութենէն ետք, ժողովուրդը համախմբուեցաւ Եկեղեցւոյ Ալաճաճի սրահէն ներս եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հաղորդակցական պահ։
Ահաւասիկ Ցեղասպանութեան նուիրուած Խաչքար Յուշարձան մը եւս աւելցաւ աշխարհի տարածքին գտնւող միւս յուշարձաններուն կողքին եւ բոլորս կանչուած՝ հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներու սրբազան կտակին՝ յիշելով, յիշեցնելով եւ պահանջելով Աստուածային արդարութիւն։
Յիշենք թէ Ցեղասպանութեան նուիրուած Խաչքարը պատրաստուեցաւ Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ եւ գործն է ութսունամեայ վարպէտ՝ Ռաֆայել Սարիբեկյանի եւ օգնութեամբ իր զաւկին՝ Սարպեկ Սարիպեկյանի, իսկ Յուշարձանը՝ Ճարտարապետ Յովէլ Պապիկեանի։
Գ. Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2024-ին, տեղի ունեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ։ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքի շնորհանդէս -ներկայացումը։
Գիրքը յատուկ ձեւով վերլուծեց եւ ներկայացուց՝ Իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան։
Նաեւ իրենց շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկան.-
Հայր Երեմեայ Աբգարյան որ ներկայացուց եւ ընթերցեց՝ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի խօսքը։
Տէր Արսէն Քհն. Գասապեան որ ներկայացուց եւ ընթերցեց՝Գերշ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի խօսքը։
Վեր. Հէնտրիկ Շահնազարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հովիւը։
Գեղարուեստական բաժինով, նուագով, ելոյթ ունեցան՝ւՆարէգ Համբարդզումյան՝ Սրինգ եւ Արփի Հակոբյան՝ Թաւջութակ։
Ապա Եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւը իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ մշակոյթի ամսուան, Հայ գիրի եւ գիրքի կարեւորութեան եւ շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ գրասէր հասարակութեան, քոյր յարանուանութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հայ թերթերու ներկայացուցիչներուն եւ յատուկ յուշանուէրներով՝ եկեղեցւոյ Խաչքարի յատուկ տախտակէ տարբերակով, գնահատեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը եւ Իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանը։
Օրհնութեան աղօթքէն ետքէ տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրում, հիւրասիրութիւն եւ հաղորդակցական պահ։
Փառք, պատիւ եւ զօրութիւն Հօր Աստուծոյ, Իր եկեղեցւոյ շնորհած օրհնութիւններուն եւ բարիքներուն համար։
Հայ Նազովրեցի Եկեղեցի
Կլէնտէլ