Ուրուկուէյ կը կարեւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ անվտանգութեան յանձնաժողովներու աշխատանքին յառաջընթացը:
Այս մասին կ’ըսուի Ուրուկուէյի Արտաքին գործերու նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Ուրուկուէյ մեծ նշանակութիւն կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմաններու սահմանազատման ու անվտանգութեան յանձնաժողովներու աշխատանքի յառաջընթացին, որ կը ներառէ 2024 թուականի Նոյեմբեր 1-էն անոր ուժի մէջ մտնելը»,- կ’ըսուի Ուրուկուէյի Արտաքին գործերու նախարարութեան՝ «Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան գործընթացը եւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը» վերնագրով յայտարարութեան մէջ: Կը կարեւորուի սահմանազատման գործընթացը, որ կը համապատասխանէ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն եւ հիմնուած է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի վրայ:
Նախարարութիւնը յաւելած է, որ այս զարգացումները փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ հիմնարար քայլերու նոր ազդանշան են կարգաւորման ու խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ, որոնք կայունութիւն, բարգաւաճում եւ կայուն զարգացում պիտի բերեն ամբողջ տարածաշրջանին։