Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Պաքուի Բանտին Մէջ Այցելած Են Արցախի Նախկին Ղեկավարներուն

Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Պաքուի Բանտին Մէջ Այցելած Են Արցախի Նախկին Ղեկավարներուն

by MassisPost

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները Պաքուի բանտին մէջ այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի նախկին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարներուն։

Այս մասին յայտնած է Կարմիր Խաչի Պաքուի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատուն՝ նշելով, որ հանդիպման ընթացքին կալանաւորուած գործիչներուն հետ դէմ առ դէմ հանդիպումներ կազմակերպուած են, անոնց համար «հարազատներու հետ կապ հաստատելու հնարաւորութիւն ստեղծուած է»։

APA գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարներուն այցելած են Հոկտեմբեր ամսուն։

Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Ատրպէյճանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ ութ հոգին Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է։

Պաքու Արցախի նախկին պաշտօնեաներուն ծանր մեղադրանքներ առաջադրած է՝ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի զինուած խմբաւորումներու կազմաւորում։ Եթէ դատարանը այդ մեղադրանքները հաստատէ, անոնց ցմահ բանտարկութիւն կը սպառնայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment