Կազմակերպութեամբ՝« Զուարթնոց» մշակութային միութեան աշխոյժ վարչական կազմին ՝ Հովանավորութեամբ՝ թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հինգշաբթի,Հոկտեմբեր 24-ի երեկոյեան ժամը 7-ին Արմէն Համբար սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «21 -րդ Դարուն սփիւռքի մէջ ապրիլ եւ հայ մնալ» խորագրով դասախօսական երեկոն:
Հետաքրքրաշարժ եւ բովանդակալից վերնագիր կրող այս դասախօսական երեկոն սկիզբ առաւ Վարչութեանս ատենապետ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանի բացման խօսքով , բարի գալուստ մաղթելէ ետք Տօքթ.Սիմոնեան ներկաներուն ներկայացուց Արեւմտեան թեմի հաստատութիւններու նորարութեան տնօրէն օրուայ բանախօս՝ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի պատուաբեր կենսագրականը:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ տաղանդաւոր դաշնակարուհի Արմինէ Ղազարեանի հիանալի կատարողութեամբ, ետքը՝ ասմունքող Անի մարսէլեան կարդաց Ժագ Յակոբեանի «մեզի հայ կըսեն » Գէորգ Էմինի «Զարմանալի հայ» բանաստեղծական կտորներներէն հատուածներ:
Իւրաքանչիւր սփիւռքահայի մտատանջութիւն եւ մտահոգութիւն հանդիսացող Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, ներկայացուց օրուայ նիւթին հետ առընչուած բոլոր ուսումնասիրութիւներն հարցադրունմերն ու հետազոտութիւները որ կատարած էր Սփիւռքի մէջ եւ աշխարհի բոլոր ծագերուն ապրող հայ ազգի զաւակներուն հետ , պարզելով հայկական ինքնութիւնը կազմաւորող ազդակներուն պահպանման , մաքառումին, երազներուն ,եւ հեռանկարներու մասին անոնց հաեացքն ու տեսակէտը աշխարհն տիրապետող արդի արհեստագիտութեան եւ յառաջդիմութեան հետ զուգահեր քայլեր պահելով, երբ անոնք սահմանուած են մեր մշակոյթի սովորութիւններու եւ հայպահպանման չակերտուած աւանդութիւններու հիմքերով:
Դոկտ. Չիլինկիրեան տոկոսային արդիւնքներով պաստառի վրայ ցուցադրեց այն արդիւնաբեր արտադրանքը որ ունեցած է մեծ թիւով սփիւռքի մէջ սփռուած ու օտար ափերու վրայ ապրած հայ ազգի եւ նոր սերունդի հայ երիտասարդներու հետ պարզելով ու բացայայտելով անոնց 21 դարուն հայ մնալու մօտեցման ձեւին ու հնարաւորութիւններուն լաւատեսութեամբ ու յուսադրելի պատկերացումով: յարգելով նոր սերունդի նոր գաղափարներն ու մտապատկերները որոնք կը հարկ է յարակից ըլլայ Նորագոյն ժամանակին պատկանող սկզբունքներուն հետ, պահելով մեր արմատներուն կապող հայկական արժէքները:
Աւարտին ՝Յարգարժան դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն բաժնելով անոնց մտահոգութիւնները սփիւռքի մէջ հայ մնալու յուսադրիչ եւ պայծառ ու փայլուն ապագայի հեռանկարով:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ