Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գէորգ Պապոյեան Մասնակցած Է 430 Բնակարանէ Բաղկացած «Լոյսեր» Բնակելի Համալիրի Բացման Արարողութեան

Գէորգ Պապոյեան Մասնակցած Է 430 Բնակարանէ Բաղկացած «Լոյսեր» Բնակելի Համալիրի Բացման Արարողութեան

by MassisPost

ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան Նոյեմբեր 2-ին մասնակցած է 430 բնակարանէ բաղկացած «Լոյսեր» բնակելի համալիրի բացման արարողութեան։

Բնակելի համալիրը ունի մէկ հեկտար կանաչապատ բակ՝ 140 ծառ եւ 1500 բուսատեսակ, հանգիստի գօտիներ, ժամանակակից խաղահրապարակներ եւ մարզական հրապարակներ՝ յագեցած անհրաժեշտ սարքաւորումներով։

Նախարարը ողջունելով ներկաները` նշած է, որ այսպիսի ծրագրերը վառ ապացոյց են, թէ արդիւնաւէտ պետական քաղաքականութիւնը ինչպէս կը նպաստէ ոլորտի զարգացման ու ընկերութիւններու կայացման:

Կառուցապատման ոլորտը կարեւորագոյն դեր ունի Հայաստանի բնակարանային ֆոնտի թարմացման, համայնքային զարգացման եւ ամենակարեւորը՝ քաղաքացիներու կեանքի որակի բարձրացման հարցով։ «Ուրախ եմ նաեւ նշել, որ «Լոյսեր» ընկերութիւնն իրական հատուածի այն սակաւաթիւ ընկերութիւններից է, որն ընտրել է դրամագլուխի շուկայ դուրս գալու ուղին՝ օգտուելով շուկայից ֆինանսների ներգրաւման առաւելութիւններից»,- ըսած է նախարարը:

Ընկերութեան ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան թողարկման եւ վարկանիշաւորման պետական աջակցութեան ծրագրի շրջանակին մէջ օժանդակութիւն տրամադուած է 30 միլիոն դրամի չափով։ Յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին ծրագրի պահանջները պահպանելու պարագային ընկերութիւնը կը ստանայ ընդհանուր 165 միլիոն դրամի աջակցութիւն։

«Լոյսեր» ընկերութիւնը թողարկած, տեղաբաշխած եւ ցուցակած է 1,5 միլիառ ՀՀ դրամ ընդհանուր անուանական ծաւալով, 1 միլիոն ՀՀ դրամ անուանական արժէքով, տարեկան 12 տոկոս արժեկտրօնային տոկոսադրոյքով 1500 հատ պարտատոմսեր։

Ընկերութեան սեփականատէրերը օգտուած են նաեւ Տնտեսութեան նախարարութեան տնտեսութեան արդիականացման ծրագրի շրջանակներուն մէջ տրամադրուող լիզինկի աջակցութեան գործիքէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment