Գերիները չվերադարձնելու պարագային Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան COP29-ին մասնակցութիւնը ճիշդ չի համարեր։
«Ես չեմ կարծում, որ նման քննարկման պարագայում, երբ կայ հնարաւորութիւն գերի վերադարձնելու, մենք պէտք է յապաղենք եւ չգնանք նման քայլի, բայց կ’ապրենք, կը տեսնենք»,- խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն ըսաւ ան՝ ի պատասխան հարցումին, թէ գերիներու վերադարձը պիտի նպաստէ՞, որ Հայաստան ընդունի COP29-ի հրաւէրը։
Իսկ հարցումին, թէ գերիները չվերադարձնելու պարագային մասնակցութեան անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ՞, Ազգային Ժողովի նախագահը պատասխանեց. «Չեմ կարծում ճիշդ է»։
COP29-ի գագաթաժողովին Երեւանի մասնակցութիւնը հաստատուած չէ, խորհրդարանին մէջ պիւտճէի քննարկման շրջանակին մէջ օրերս յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան:
COP29 գագաթաժողովը Նոյեմբեր 11-22-ին պիտի կայանայ Պաքուին մէջ, որուն Ատրպէյճանը հրաւիրած է նաեւ Հայաստանը:
Մամուլը կը գրէ, որ արտաքին գործերու նախարարը հնարաւոր է Պաքու մեկնի պայմանով, որ Ատրպէյճանը Հայաստանին գերիներ վերադարձնէ:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Ատրպէյճանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ ութ հոգին Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է։
Պաքու Արցախի նախկին պաշտօնեաներուն ծանր մեղադրանքներ առաջադրած է՝ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի զինուած խմբաւորումներու կազմաւորում։