2026 թուականին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Կենսաբազմազանութեան կողմերի համաժողովը՝ COP17-ը։
Ֆէյսպուքի իր էջով այս մասին գրած է ՀՀ կենսոլորտի նախարար Յակոբ Սիմիդեան։
«65 ձայնով Հայաստանն ընտրուել է որպէս Կենսաբազմազանությեան կողմերի համաժողովի հիւրընկալող երկիր»,- գրած է ան։
Նշենք, որ ընտրութիւնը կատարած են Գոլոմպիոյ Քալի քաղաքին մէջ ընթացող COP16-ի մասնակից երկիրները։
Միջոցառումը նուիրուած է բնապահպանական խնդիրներու քննարկման, կլիմայի փոփոխութիւնը դադրեցնելու եւ կենսաբազմազանութիւնը պաշտպանելու համար համաձայնեցուած լուծումներ գտնելուն: