Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Արձագանգած Է «Ֆրանսական Հետախուզութեան» Մասին Պաքուի Կեղծիքներուն

Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Արձագանգած Է «Ֆրանսական Հետախուզութեան» Մասին Պաքուի Կեղծիքներուն

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոնթինյին արձագանգած է ԵՄ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան հետ կապուած ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած կեղծիքներուն, թէ, իբր, «Ֆրանսա իր հետախուզական ծառայութիւններու անդամները կը տեղակայէ ատրպէյճանական սահմանին»։

«Լրտեսական երեւակայածին ժանրի վէպ, որ որպէս յաւելում կը ներառէ դիպուկահարի ոճով հաղորդում Սիւնիքի մարզպետի հետ Հայաստան՝ Ներքին Հանդ կատարած իմ այցելութենէն»,- գրած է դեսպանը «X»-ի իր էջով։

Նախօրէին ԵՄ դիտորդներու եւ Ֆրանսայի դեսպանի այցը ՀՀ Ներքին Հանդ գիւղ ատրպէյճանական իշխանամերձ լրատուամիջոցներուն դժգոհութիւնը յառաջացուցած էր։ Այցէն նաեւ տեսարաններ հրապարակած էին՝ նշելով, թէ այնտեղ, իբր, «ֆրանսական հետախուզական ծառայութիւններու աշխատակիցներ կը տեղակայուին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment