Խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցային գործընթացին մէջ լուրջ յառաջընթաց կը նկատուի։
Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ անդրծովեան տարածքներու հարցերով պետական նախարար Սթիվըն Տաութիի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Պայրամով Տաութիին մանրամասն տեղեկացուցած է տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման հարցով Ատրպէյճանի դիրքորոշման, այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող գործնական քայլերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացի մասին։
Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը նշած է, որ ընդհանուր առմամբ աշխատանքներ կը տարուին խաղաղութեան պայմանագրի համակարգման ուղղութեամբ, սակայն գործընթացին հիմնական խոչընդոտ համարելով ՀՀ սահմանադրութիւնը: