Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արեւմուտքը Յամառօրէն Իր Ծառայութիւնները Կը Պարտադրէ Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորման Գործընթացին. Լաւրով

Արեւմուտքը Յամառօրէն Իր Ծառայութիւնները Կը Պարտադրէ Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորման Գործընթացին. Լաւրով

by MassisPost

Արեւմուտքը յամառօրէն իր ծառայութիւնները կը պարտադրէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

Մինսքի մէջ Եւրասիական անվտանգութեան նուիրուած միջազգային համաժողովին այս մասին ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով։

«Արեւմուտքը չի դադրեցներ իր աւերիչ գործունէութիւնը Եւրասիական ցամաքամասի այլ հատուածներուն մէջ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, ան յամառօրէն կը պարտադրէ իր ծառայութիւնները հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ»,- նշած է Լաւրով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment