Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յառաջիկային Կը Սպասուի Գերիներու Եւ Անհետ Կորսուածներու Հարցով Հանդիպում Ատրպէյճանական Կողմին Հետ․ ԱԱԾ Տնօրէն

Յառաջիկային Կը Սպասուի Գերիներու Եւ Անհետ Կորսուածներու Հարցով Հանդիպում Ատրպէյճանական Կողմին Հետ․ ԱԱԾ Տնօրէն

by MassisPost

Յառաջիկային կը սպասուի գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցով հանդիպում ատրպէյճանական կողմին հետ։

Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին յայտնեց ԱԱԾ տնօրէն Արմէն Աբազեան:

«Շատ հնարաւոր է առաջիկայում նման հանդիպում կազմակերպուի: Թիւեր չհնչեցնեմ, բայց առաջիկայում շատ հնարաւոր է, որ տեղի ունենայ հանդիպում յանձնաժողովների կազմով»,- նշեց Աբազեան:

Ժամկէտներու եւ վայրի վերաբերեալ, ըստ ԱԱԾ տնօրէնի, որոշում չկայ:

Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Ատրպէյճանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ 8-ը Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment