Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանին Կոչ Ըրած Է Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները Եւ Ապահովելու ԼՂ Հայութեան Անվտանգ Վերադարձը

Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանին Կոչ Ըրած Է Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները Եւ Ապահովելու ԼՂ Հայութեան Անվտանգ Վերադարձը

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանը «Ատրպէյճանի մէջ իրավիճակի, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներու եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու» վերաբերեալ բանաձեւը ընդունեցապ 453 կողմ, 31 դէմ, 89 ձեռնպահ ձայներով։

Ընդունուած բանաձեւով Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները խստօրէն կը դատապարտեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն բռնաճնշումները ընդդիմութեան առաջնորդներու, լրագրողներու, աքթիւիսթներու դէմ՝ երկրին ներսոը եւ արտերկրի մէջ։

Ընդգծելով, որ այս ճնշումները յատկապէս ուժեղացած են COP 29-ին ընդառաջ՝ ԵԽ-ն կոչ կ’ընէ անյապաղ ազատ արձակելու կամայականօրէն բանտարկուած ու կալանաւորուած բոլոր քաղաքական բանտարկեալները եւ դադրեցնելու բոլոր տեսակի հետապնդումներն ու բռնաճնշումները։ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն երկրին ներսը ստեղծուած վախի մթնոլորտին վերաբերեալ, որ միտուած է քաղաքացիական հասարակութիւնը լռեցնելուն։

«Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումները անհամատեղելի են COP 29-ի կայացման հետ։ ԵՄ առաջնորդներուն, մասնաւորապէս Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյենին կոչ կը կատարուի COP 29-ը որպէս հնարաւորութիւն օգտագործելու՝ յիշեցնելու Ատրպէյճանին իր միջազգային պարտաւորութիւններուն մասին եւ բովանդակալից կերպով անդրադառնալու այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին»,- նշուած է բանաձեւին մէջ։

Եւրոխորհրդարանը ԵՄ-ին եւ անոր անդամ պետութիւններուն նաեւ կոչ կ’ընէ ընելու հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համագումարները չհիւրընկալուին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր մարդու իրաւունքներու ցուցանիշները վատ են։

Ընդունուած բանաձեւով Եւրոպական Խորհրդարանի անդամները ԵՄ-ին կոչ կ’ընեն դադրեցնելու ատրպէյճանական կազէն կախուածութիւնը, կասեցնելու 2022 թուականի փոխըմբռնման յուշագիրը ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ եւ կը պնդեն, որ ԵՄ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ապագայ գործընկերութեան համաձայնագրի նախապայման ըլլայ բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը, իրաւական բարեփոխումներու իրականացումը եւ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակի ընդհանուր բարելաւումը։ Եւրոխորհրդարանականները յատուկ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն հանգամանքին վրայ, որ Ատրպէյճան պէտք է պատրաստակամութիւն ցուցաբերէ հաւատարմօրէն ներգրաւուելու Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի բանակցութիւններուն մէջ եւ յարգելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները։

Եւրոխորհրդարանը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան։ Եւրոխորհրդարանը վճռականօրէն կ’աջակցի երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքներու վրայ՝ համաձայն 1991թ. Ալմա-աթայի հռչակագրին։ ԵԽ-ն կը վերահաստատէ իր պահանջը՝ ատրպէյճանական զօրքը պէտք է դուրս գայ Հայաստանի ամբողջ ինքնիշխան տարածքէն եւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ յարգելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։

Եւրոպական Խորհրդարանը ընդունուած բանաձեւով կը շեշտէ՝ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հաղորդակցութեան վերաբերող խնդիրները պէտք է բացառապէս լուծուին՝ յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։ ԵԽ պատգամաւորները կը զգուշացնեն, որ Հայաստանի դէմ որեւէ ռազմական գործողութիւն անընդունելի է եւ պիտի ունենայ լուրջ հետեւանքներ ԵՄ-Ատրպէյճան գործընկերութեան վրայ։

«ԵՄ-ն պէտք է պատրաստ ըլլայ պատժամիջոցներ կիրառելու ոեւէ ֆիզիքական անձի եւ կազմակերպութեան նկատմամբ, որոնք կը սպառնան Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ։

Բանաձեւը, ողջունելով Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանի զինուած ուժերուն յատկացուած օգնութիւնը, կոչ կ’ընէ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ Հայաստանին ուղղուած որեւէ ռազմական յարձակում, ուժի կիրառում կամ հիպրիտային սպառնալիք։

Ընդգծելով ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ՝ եւրոխորհրդարանականները իրենց մտահոգութիւնը կ’արտայայտեն Ատրպէյճանէն հնչող զրպարտիչ եւ քննադատական յայտարարութիւններու եւ արշաւներու վերաբերեալ։ Այս ծիրին մէջ ԵՄ-ին եւ անդամ երկիրներուն կոչ կ’ընեն մեծցնելու եւ երկարացնելու առաքելութեան մանտաթը։

Բանաձեւը ողջունելով սահմանազատման գործընթացի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած առաջընթացը՝ ԵՄ-ին կոչ կ’ընէ դադրեցնելու որեւէ տեխնիկական եւ ֆինանսական աջակցութիւն Ատրպէյճանին, որ կրնայ նպաստել անոր ռազմական կամ անվտանգութեան կարողութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ անդամ պետութիւններուն կոչ կ’ընէ սառեցնելու ռազմական եւ անվտանգութեան սարքաւորումներու բոլոր արտահանումները Ատրպէյճան։

Բանաձեւը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ ազատ արձակելու բոլոր 23 հայ ռազմագերիները։ Եւրոխորհրդարանականները Ատրպէյճանին կոչ կ’ընեն կատարելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգ, անարգել ու արագ վերադարձի վերաբերեալ որոշումը։ Բանաձեւը կը յորդորէ  համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութիւն սկսիլ արցախահայութեան հետ եւ տալ անհրաժեշտ բոլոր երաշխիքները անոնց պաշտպանութեան, հողի ու սեփականութեան իրաւունքներու վերաբերեալ։ ԵՄ կառոյցներուն կոչ կը կատարուի շարունակելու աջակցիլ Հայաստանին Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու հետ կապուած հարցերով անհրաժեշտ մարդասիրական կարիքները բաւարարելու համար։

Խոր մտահոգութիւն յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ՝ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կոչ կ’ընեն զերծ մնալու տարածաշրջանին մէջ մշակութային, կրօնական կամ պատմական ժառանգութեան հետագայ ոչնչացումէ, անտեսումէ կամ փոփոխութենէ եւ փոխարէնը կոչ կ’ընեն պահպանելու, պաշտպանելու եւ խթանելու առկայ հարուստ բազմազանութիւնը։ ԵԽ պատգամաւորները կը պնդեն, որ Ատրպէյճանը պէտք է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան անհրաժեշտ մուտք տրամադրէ Լեռնային Ղարաբաղ։

Բանաձեւը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ​​կամ Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամներուն հրապարակային վիրաւորանքներն ու ուղղակի սպառնալիքները ուղղուած ԵՄ անդամ երկիրներու ընտրուած պաշտօնեաներուն։ Այս ծիրին մէջ, Եւրոպական Խորհրդարանը կը պահանջէ, որ Ատրպէյճանի պաշտօնեաների մուտքը ԵՄ կառոյցներու շէնքեր արգիլուի մինչեւ հետագայ ծանուցում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment