Պաքուի դատարաը երկարաձգեց Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կալանքի ժամկէտը։
Արցախի նախկին պետական նախարարը Ատրպէյճանի սահմանապահներուն կողմէ ձերբակալուած է 2023-ի Սեպտեմբեր 27-ին Հաքարիի կամուրջի անցակէտին վրայ՝ Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակումէն ու անոր լուծարումէն յետոյ։ Պաքուն Վարդանեանը կը մեղադրէ «ահաբեկչությեան ֆինանսաւորման, ապօրինի զինուած խմբաւորումներ ստեղծելու եւ Ատրպէյճանի սահմանը ապօրինի հատելու յօդուածներով»։
Օրեր առաջ Պաքուն հաղորդեց, որ երկարաձգած է նաեւ Արցախի վրայ 2023-ին Սեպտեմբեր 19-ի ռազմական յարձակման հետեւանքով գերեվարուած Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, ՊԲ հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանի, արտաքին գործերու նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ միւսներուն կալանքի ժամկէտը։
Պաքուն անոնց եւս ծանր մեղադրանքներ առաջադրած է՝ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի զինուած խմբաւորումներու կազմաւորում։ Եթէ դատարանը այդ մեղադրանքները հաստատէ, անոնց ցմահ բանտարկութիւն կը սպառնայ։
Հոկտեմբերին Ատրպէյճանը Արցախի նախկին պաշտօնեաներուն նոր մեղադրանք առաջադրեց՝ պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացում։
Յարուցուած քրէական գործերուն նախաքննութիւնը աւարտած է, նիւթերը, սակայն, դեռ դատարան չեն ուղարկուած։
«Հիմա քրէական գործի նիւթերուն ծանօթանալու փուլն է: Ատիկա բաւականին շատ ժամանակ կը պահանջէ, քանի որ տուժողները շատ են։ Մեղադրանքները բաւականին լուրջ են՝ անոնք անջատողականութեան, մեր պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացման մեղադրանքներ են»,- ըսած էր Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քամրան Ալիեւը՝ չյստակեցնելով, թէ երբ գործերը պիտի հասնին դատարան։