Քննչական Կոմիտէն 44-օրեայ պատերազմին վերաբերեալ վարոյթի շրջանակին մէջ 600 անձի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութեամբ գործ ուղարկած է դատարան:
Յանցաւորութեան վիճակի վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներուն այս մասին յայտնեց Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քյարամեանը:
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վիլէն Գաբրիէլեան հետաքրքրուեցաւ, թէ 44-օրեայ պատերազմի քրէական վարոյթը ինչ ընթացքի մէջ է:
Քյարամեան ըսաւ՝ իրականութեան մէջ մէկ վարոյթ չէ, տարանջատուածեն սպայական կազմի եւ շարքային, պայմանագրային անձնակազմի վերաբերեալ վարոյթները:
«Սպայական կազմի վերաբերեալ վարոյթները բերեցինք Զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերի քննութեան վարչութիւն: Քննութիւնը 7 ուղղութիւնով է ընթանում: Բոլոր ուղղութիւններով արդէն աւարտական տեսք ունենք: Իմ տեսանկիւնից՝ բոլոր ուղղութիւններով ունենք վերջնական արդիւնքներ: Շուրջ 600 անձի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութեամբ գործեր ենք ուղարկել դատարան»,- ըսաւ ՔԿ նախագահը: