Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակի երրորդ հանդիպման: «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան այս մասին յայտնեց Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը:
Հանդիպումը պիտի կայանայ Հոկտեմբեր 18-ին Սթամպուլի մէջ:
«3+3»-ը ղարաբաղեան 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Թուրքիոյ նախաձեռնած եւ Ռուսաստանի աջակցութիւնը ստացած տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ է։ Այն կ’ենթադրէ հարաւկովկասեան երեք երկիրներու՝ Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երեք տէրութիւններու՝ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը։
Վրաստան յայտարարած է, որ հարթակին չի միանար Ռուսաստանի հետ հակասութիւններու պատճառով։
2021-ին արտաքին գործերու փոխնախարարներու մակարդակով Մոսկուայի մէջ կայացած է առաջին հանդիպումը։ 2023-ին Թեհրանի մէջ հանդիպած են արտաքին գործերու նախարարները։