Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւան Կանաչ Լոյս Ստացած Է ԵՄ Խաղաղութեան Առաքելութիւններուն Մասնակցելու Համար․ Մարակոս

Երեւան Կանաչ Լոյս Ստացած Է ԵՄ Խաղաղութեան Առաքելութիւններուն Մասնակցելու Համար․ Մարակոս

by MassisPost

«10 միլիոննոց միջոցառում ունինք, որ ուղղուած է նրան, որ Հայաստանը նոյնպէս մասնակցի Եւրոմիութեան կողմէ իրականացուող խաղաղութեան առաքելութիւններուն, եւ ստացած ենք կանաչ լոյս անդամ պետութիւններէ», Երեւանի մէջ «Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» համաժողովին յայտնեց Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսը։

Մարակոս ընդգծեց՝ սա բարդ գործընթաց է, այդուհանդերձ Եւրոպական Միութեան հիմնարկները, ինչպէս նաեւ անդամ պետութիւնները, Հայաստանը աշխատանք կատարած են այս ուղղութեամբ եւ մէկ ամիս առաջ այս հարցով հանդիպում եղած է Երեւանի մէջ։

«Հիմա մենք պէտք է աշխատինք նաեւ այն ուղղութեամբ, որ վիզաներու ազատականացումը դառնայ իրականութիւն։ Տեխնիկական աշխատանք կը կատարուի այս ուղղութեամբ»,- ըսաւ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարը։

Այս տարուայ Յուլիսին հաղորդուեցաւ, որ Հայաստանը առաջին անգամ 10 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն` Հունգարիան հանած է այս օգնութեան վրայ դրուած արգելանքը։

Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամը ստեղծուած է 2021 թուականին՝ աշխարհի մէջ հակամարտութիւնները կանխելու եւ կարիքաւոր երկրներուն ոչ-մահաբեր զինատեսակներ մատակարարելու համար: Հայաստանի պարագային, ըստ «Ազատութեան» աղբիւրներուն, այս հիմնադրամէն տրամադրուելիք 10 միլիոն եւրոյով կը նախատեսուի դաշտային մոտուլային ճամբար ստեղծել մէկ գումարտակի համար, որու կազմին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ բժշկական օգնութեան կէտ։

Սեպտեմբերի սկիզբն ալ հաղորդուեցաւ, որ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի հետ կը սկսի պաշտօնական երկխօսութիւնը՝ վիզաներու ազատականացման հարցով։ Այդ նպատակով Երեւան ժամանած էր Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ Մարկարիթիս Սխինասը։ Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ համատեղ յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, որ գործընթացը պիտի տեւէ այնքան, որքան անհրաժեշտ է՝ չենթադրելով վիզաներու պահանջի ինքնաշխատ չեղարկում:

Յանձնաժողովը մասնաւորապէս ընդգծած էր, որ հայաստանցիներուն համար Եւրոմիութեան վիզան պիտի վերացուի, եթէ Երեւան զգալի բարեփոխումներ ընէ ճամբորդական փաստաթուղթերու անվտանգութեան, սահմանի, գաղթի, փտածութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment