Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միլիառաւոր Դրամներու Գոյք Եւ Միջոցներ. Սեդրակ Քոչարեանէն Ի՞նչ Կը Պահանջէ Բռնագանձել Դատախազութիւնը

Միլիառաւոր Դրամներու Գոյք Եւ Միջոցներ. Սեդրակ Քոչարեանէն Ի՞նչ Կը Պահանջէ Բռնագանձել Դատախազութիւնը

by MassisPost

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Ռոպերթ Քոչարեանի որդիէն՝ Սեդրակ Քոչարեանէն, կը պահանջէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել ապօրինի ծագում ունեցող անշարժ գոյքեր եւ ֆինանսական միջոցներ։

Գլխաւոր Դատախազութեան տուեալներուն համաձայն՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործով հայցապահանջի մէջ կը մտնէ՝

14 անշարժ գոյք,

Երեւան քաղաքին մէջ 1 բնակարանի գնման իրաւունք,

Իրաւաբանական անձի մէջ 11 մասնակցութիւն,

1,361,852 ԱՄՆ տոլարով եւ 985,190,729 ՀՀ դրամով ձեռք բերուած պարտատոմսեր,

703.059 ԱՄՆ եւ 200.000.000 ՀՀ դրամի չափով ներդրուած աւանդ,

8,235,400,647 դրամի, 4,007,674 ԱՄՆ տոլարի, 588.954 եւրոյի եւ 16.000.000 ռուպլիի չափով տրամադրուած փոխառութեան պահանջի իրաւունք,

2.721.319.175 ՀՀ դրամ՝ որպէս ապօրինի ծագում ունեցող դրամական միջոցներու մնացորդ,

11.270.472.767 ՀՀ դրամ՝ որպէս անձի օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող, ապօրինի ծագում ունեցող եւ բարեխիղճ ձեռքբերողներու փոխանցուած կամ չնոյնականացուած դրամական միջոցներու հանրագումար,

1.286.635.500 ՀՀ դրամ՝ որպէս Յունաստանի Միքոնոս կղզիի Անօ Մերա կոչուող տարածքին մէջ գտնուող առանձնատան ձեռքբերման (կառուցման) արժէք,

416.084.506 ՀՀ դրամ՝ որպէս թանզանիական «Փլեյմասթեր կէյմինկ քորփորէյշն» ընկերութեան մասնակցութեան ձեռքբերման արժէք,

1.958.657.659 ՀՀ դրամ՝ որպէս թանզանիական «ՄՄՋ Կոլտ Լիմիթըտ» ընկերութեան մասնակցութեան ձեռքբերման արժէք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment