Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ալիեւին Պէտք Չէ Թոյլ Տալ COP29-ը Օգտագործել Իր Հեղինակութեան Ռիպրենտինկի Համար». ԱՄՆ Գոնկրէսական

«Ալիեւին Պէտք Չէ Թոյլ Տալ COP29-ը Օգտագործել Իր Հեղինակութեան Ռիպրենտինկի Համար». ԱՄՆ Գոնկրէսական

by MassisPost

ԱՄՆ գոնկրէսական Ֆրենք Փալոն անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի արձագանգին՝ կապուած ամերիկացի գոնկրէսականներու նախաձեռնութեան հետ, եւ ըսած. «Ես ուրախ եմ, որ մեր վճռական երկկուսակցական օրինագիծը գրաւած է Ատրպէյճանի նախագահի ուշադրութիւնը՝ չնայած այն բանին, որ ան միջոցառումը կ’անցընէր այն ​​վայրին մէջ, ուր անցեալ տարի իր զօրքերը զանգուածային ցեղային զտումներ իրականացուցին»։

ԱՄՆ գոնկրէսականը նշած է, որ Ալիեւն ու անոր վարչակարգը որեւէ նշանակալի պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած, եւ յաւելած է. «Պէտք չէ թոյլ տալ COP29-ը օգտագործել իր հեղինակութեան ռիպրենտինկի համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment