Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին-Փաշինեան Հանդիպման Եզրակացութիւնները

Փութին-Փաշինեան Հանդիպման Եզրակացութիւնները

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեկնած էր Մոսկուա` մասնակցելու համար ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին:  Այս առթիւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ ընդունելով Հայաստանի վարչապետին խօսած է երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու յարաճուն զարգացման մասին, շրջանցելով քաղաքական գետնի վրայ յառաջացած բաժանումը« որ ծայր առաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ասդին:

Առաջին անգամ չէ, որ նախագահը Փութին հրապարակաւ կը խօսի երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան մասին ու գովասանքով կ’արտայատուի Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուող տնտեսական աճի մասին: Յստակ է, որ Ռուսաստանի նախագահը տողատակով կ’ուզէ հասկցնել Հայաստանի ժողովուրդին, թէ տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող յաջողութիւններուն համար Հայաստան կը պարտի Ռուսաստանին եւ Ռուսաստանի ղեկավարած Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութեան:

Քրեմլինի ղեկավարութիւնը կը գիտակցի, որ կորսնցուցած է Հայաստանի մէջ իր ունեցած քաղաքական գրեթէ բոլոր լծակները, որոնք կային տակաւին մի քանի տարի առաջ:  Այժմ մնացած է միայն Տնտեսական կապը, որ պէտք է ընդունիլ, որ բաւական օգուտներ կ’ընձեռէ Հայաստանին ու Մոսկուան տակաւին յոյս ունի, որ Հայաստանը կրնայ պահել իր ուղեծիրին մէջ եւ զինք վերադարձնել քաղաքական նոյն դաշտը:

Ռուսաստանի հետ տնտեսական կապերու խզումը ներկայիս չի բխիր Հայաստանի շահերէն եւ ան կը փորձէ տարանջատել տնտեսականը` քաղաքականէն: Նախագահ Փութին կեդրոնանալով տնտեսական հարցերուն վրայ չի նշանակեր որ Մոսկուա գոհ է Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութենէն, սկսած Եւրոպական միութեան հետ ստեղծուած սերտ կապերով, Ֆրանսայի,  Հնդկաստանի եւ այլ երկիրներու հետ ռազմական գետնի վրայ համագործակցութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներէն եկող տնտեսական օժանդակութեամբ:

Թէեւ նախագահ Փութին իր հրապարակային ելոյթներուն մէջ չի քննադատեր Փաշինեանը անձնապէս« եւ նոյնը կ’ընէ նաեւ Հայաստանի վարչապետը` երկու կողմերն ալ մնալով պատշաճութեան սահմաններուն մէջ, սակայն Ռուսաստանի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ անդադար կը թիրախաւորեն Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութիւնը: Այս օրերուն Ռուսաստանի  Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիքով յայտարարած է« որ Արեւմուտքը կը փափաքի հասնիլ ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալուն` անոր դիմաց խոստանալով զէնքի արտօնեալ մատակարարումներ եւ անվտանգութեան երաշխիքներ: Այս մօտեցումը ուղղակի զրպարտութիւն է Հայաստանի հասցէին եւ չի համապատասխաներ իրականութեան: Հայաստան առկախած է իր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի, քանի որ այդ կազմակերպութիւնը մերժեց կատարել իր դաշնակցային պարտականութիւնը ու հասնիլ Հայաստանի օգնութեան« երբ Ատրպէյճան յարձակում գործեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ: Ինչ կը վերաբերի զէնքի հարցին, Ռուսաստանն էր, որ մղեց Հայաստանը փնտռելու զինատեսակներու այլ աղբիւրներ, երբ պատերազմէն ետք ան մերժեց մատակարարել խոստացուած ու գումարը կանխիկ վճարուած զինատեսակները, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանուիլ Պաքուի սպառնալիքներուն դէմ:

Մոսկովեան այս հանդիպումի ընթացքին Փաշինեան օգտագործելով առիթը, մտահոգութիւն յայտնեց`  Ռուսաստանի շարք մը պաշտօնեաներու կողմէ օգտագործուող ձեւակերպումներուն եւ բառապաշարին վերաբերեալ: Գրեթէ ամէնօրեայ յաճախականութեամբ հնչող քննադատութիւնները չեն նպաստեր երկու երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու պահպանման: Ժամանակն է, որ Ռուսաստանի ղեկավարները  անդրադառնան, որ Հայաստան, ինչպէս որեւէ այլ երկիր, իրաւունք ունի վարելու ուրոյն արտաքին քաղաքականութիւն` մեկնակէտ ունենալով իր երկրի ազգային շահերը, որոնք գերակայ են այլ երկիրներուն հաճելի դառնալու բոլոր նկատառումներէն:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment