ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Սեպտեմբերին այցելած է Հարաւային Քորէա՝ ուսումնասիրելու «Hyundai Rotem» ընկերութեան կողմէ մշակուած K2 «Սեւ Յովազ» մարտական հրասայլերու ձեռքբերման հնարաւորութիւնը։
«Army Recognition»-ը, յղում ընելով հարաւքորէական «Չոսուն Պիզ» լրատուամիջոցին՝ նշած է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը նաեւ մասնակցած է Սեպտեմբեր 9-ին եւ 10-ին Հարաւային Քորէայի Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած արհեստական բանականութեան առնչուող բարձր մակարդակի հանդիպման եւ բանակցութիւններ սկսած է հարաւքորէական զէնքի մատակարարման շուրջ՝ յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով K2 հրասայլին նկատմամբ։
Հարաւքորէական բանակին կողմէ ներկայիս օգտագործուող K2 մարտական հրասայլը յագեցած է յառաջադէմ արհեստագիտութեամբ, որ յատկապէս արդիւնաւէտ կը գործէ եւ լաւ կը համապատասխանէ լեռնային պայմաններուն։
K2-ը կը համարուի աշխարհի ամենաթանկ հրասայլերէն մէկը։ Ըստ բաց աղբիւրներու՝ K2-ի արժէքը 8,5 միլիոն տոլար է։
Աւելի վաղ, Պաշտպանությեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, որ Քորէայի Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Սեպտեմբեր 9-ին մասնակցած է «Պատասխանատու արհեստական բանականութիւն՝ ռազմական տիրոյթին մէջ» գագաթաժողովին։