Հայաստանի Հանրապետութեան Զբօսաշրջութեան Կոմիտէն ներկայացուցած է 2024 թուականի Սեպտեմբերին դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններուն թիւը։
Կոմիտէի հրապարակած վիճակագրութեան մէջ կը նշուի, որ 2024 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններուն թիւը նախորդ տարուայ նոյն ամսուան համեմատ պակաս է 24 հազար 57-ով:
«2024 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստան է այցելել 236 հազար 561 զբօսաշրջիկ, 2023թ․ Սեպտեմբերին՝ 260 հազար 618»,- նշուած է Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի հրապարակման մէջ:
2024 թուականի Սեպտեմբեր ամսուն դէպի Հայաստան աւելի շատ զբօսաշրջային այցելութիւններ արձանագրուած են Ռուսաստանէն (43%), Վրաստանէն (12%) եւ Իրանէն (8%):