Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Յայտնած Է Ռուսաստանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Յարաշարժ Զարգացման Մասին

Փութին Յայտնած Է Ռուսաստանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Յարաշարժ Զարգացման Մասին

by MassisPost

Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ ընդունած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ զրոյցի ընթացքին նշած երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու յարաշարժ զարգացումը։

«Անցեալ տարի առեւտրաշրջանառութիւնը հասած է 7,4 միլիառ տոլարի, իսկ այս տարուայ առաջին կիսամեակինի աճած է 2,5 անգամ՝ գերազանցելով 8,3 միլիառ տոլարը»,- նշած է ՌԴ նախագահը։

Ան ընդգծած է, որ եթէ այս կշռոյթը շարունակուի, ապա տարեվերջին ապրանքաշրջանառութիւնը կրնայ հասնիլ մրցանշային 14-16 միլիառ տոլարի։

Աւելի վաղ Փութին հանդիպած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Ինչպէս լրագրողներուն յայտնած է պետութեան ղեկավարի օգնական Եուրի Ուշաքովը, Մոսկուան աշխոյժ դեր կը խաղայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։

Ալիեւն ու Փաշինեանը ժամանած են Մոսկուա՝ մասնակցելու ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, որուն նախագահած է Փութին։

Միջոցառման կը մասնակցին նաեւ Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Տաճիկստանի, Ղրղզստանի, Ուզպեքիստանի եւ Թուրքմենիստանի նախագահները։ Երկուշաբթի՝ Հոկտեմբեր 7-ին, պետութիւններու ղեկավարները հաւաքուած էին ոչ-պաշտօնական հանդիպման, որ դարձած է գագաթնաժողովի նախապատրաստութիւն։

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն յետոյ լրագրողներուն յայտնած է, որ ՀՀ վարչապետին հետ «ուղղակի դէմ առ դէմ քննարկած են ընթացիկ հարցերը»:

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին հաստատած է Քազանի մէջ կայանալիք ՊՐԻՔՍ գագաթաժողովի հրաւէրը։

«Կը սպասեմ ձեզի Քազանի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի գագաթաժողովին, յոյսով եմ, որ այդ կ’ըլլայ ե՛ւ օգտակար, ե՛ւ հետաքրքրական՝ բազմաթիւ շփումներ»,- ըսած է Փութին՝ նշելով, որ պիտի ըլլան երկկողմ բանակցութիւններ, եւ հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ զրուցելու քանի մը տասնեակ երկիրներու բազմաթիւ գործընկերներու հետ, որոնք կը նախատեսեն մասնակցիլ այդ աշխատանքներուն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպման արդիւնքէն։  Բաղդասարեան Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է, որ վարչապետ Փաշինեան ՌԴ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագրին մանրամասնութիւնները, ՌԴ նախագահին փոխանցած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» գրքոյկը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնած՝ տարածաշրջանային թեմաներու վերաբերեալ ՌԴ շարք մը պաշտօնեաներու կողմէ օգտագործուող ձեւակերպումներուն եւ բառապաշարին վերաբերեալ։ Անոր խօսքով՝ տարածաշրջանային կապուղիներու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խօսոյթը դռնփակ եւ դռնբաց ձեւաչափերով նոյնական է։ «Վարչապետ Փաշինեանը դրական է գնահատում ՌԴ նախագահի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքները։ Քննարկուել է հարցերի լայն շրջանակ, ձեռք են բերուել ուժանիւթային, կրթական, մարդասիրական ոլորտներին վերաբերող պայմանաւորուածութիւններ։ Համաձայնութիւն է ձեռք բերուել նաեւ այն մասին, որ 2025 թուականի Յունուարի 1-ից Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի պահպանութեանը կը մասնակցեն նաեւ ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերը, իսկ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտում ծառայութիւնն ամբողջութեամբ կ’իրականացուի ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերի ուժերով»,- յայտնած է Բաղդասարեան։

Աւելի վաղ Փութին հանդիպած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
«Զանգեզուրի միջանցքի» թեման հաւանաբար շօշափուած է Փութինի` Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ առանձին բանակցութիւններու ժամանակ։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Փութին առանձնազրոյց ունեցած է անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ։ Ընդ որում, նախագահը երեւի իւրաքանչիւրին հետ կէս ժամ անցուցած է, անոր համար ալ, հաւանաբար, կարծիքներու փոխանակում եղած է։ Զանգեզուրի միջանցքի թեման նոյնպէս շօշափուած է»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքով։

Ինչպէս լրագրողներուն յայտնած է պետութեան ղեկավարի օգնական Եուրի Ուշաքով, Մոսկուան աշխոյժ դեր կը խաղայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու միջեւ Մոսկուայի մէջ եռակողմ հանդիպում նախատեսուած չէ։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը:

«Մենք համաձայնութեան չենք եկած եռակողմ հանդիպման մասին»,- ըսած է ան՝ յաւելելով, որ նման գաղափար եղած է, բայց կողմերէն մէկուն կողմէ աջակցութիւն չէ ստացած։

Ուշաքովի խօսքով՝ Ռուսաստանը դէմ չէ եղած այս ձեւաչափով հանդիպում անցընելուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment