«Հայաստան պաշտօնապէս հետ չէ վերցուցած իր ստորագրութիւնը եռակողմ յայտարարութենէն, որ ստորագրուած է 2020 թուականին Մոսկուայի, Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ եւ նպաստած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի հաստատման։ Միեւնոյն ժամանակ, տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակներուն մէջ մօտ մէկուկէս տարիէ յառաջընթաց չկայ»:
Այս մասին ըսած է ՌԴ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։
Անոր խօսքով՝ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրութեան միջանցքներու ապաշրջափակումը «հնարաւոր է միայն Ռուսաստանի մասնակցութեամբ»։
Յունուար 11-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ապաշրջափակել տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները։ Այնուհետեւ այդ նպատակներուն համար որոշուած է երեք երկիրներու փոխվարչապետներու մակարդակով ստեղծել աշխատանքային խումբ, որ պիտի կեդրոնանայ տարածաշրջանին մէջ փոխադրութեան ճանաապրհներու եւ տնտեսական կապերու հաստատման վրայ։