Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Նախագահը ՀՀ Վարչապետին Հետ Հանդիպման Վերահաստատած Է Անվերապահ Աջակցութիւնը Հայաստանին

Ֆրանսայի Նախագահը ՀՀ Վարչապետին Հետ Հանդիպման Վերահաստատած Է Անվերապահ Աջակցութիւնը Հայաստանին

by MassisPost

Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա բազմոլորտ օրակարգին վերաբերող հարցեր, ընդգծուած է բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման ուղղուած հետեւողական քայլերու իրականացման շարունակականութեան կարեւորութիւնը:

վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է բարեկամ Ֆրանսայի մշտական աջակցութիւնը եւ ընդգծած Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներու զարգացման ուղղուած քայլերու իրականացման հարցով։

Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատած է անվերապահ աջակցութիւնը Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման պատրաստակամութիւնը։

Յաջորդիւ ՀՀ վարչապետը անդրադարձած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ քննարկումներու արդիւնքներուն` նշելով, որ նախագիծի կէտերուն 80 տոկոսը համաձայնեցուած է եւ Հայաստանը պատրաստ է անոր հիման վրայ ստորագրելու պայմանագիրն ու շարունակելու հետագայ քննարկումները: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ քայլերը` համոզմունք յայտնելով, որ պայմանագրի ստորագրումը պիտի նպաստէ այդ խնդիրի լուծման:

Քննարկուած են նաեւ ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին վերաբերող հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է, որ Հայաստանը պատրաստ է ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներու հիման վրայ երթալու տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման:

Էմանուէլ Մաքրոն իր երկրնի սատարումն ու աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան քայլերուն` ուղղուած խաղաղութեան ու կայունութեան, միաժամանակ ողջունած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու ընկերային խնդիրներուն, բնակարանային ապահովման ՀՀ Կառավարութեան ծրագրին: Այս առումով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն կարեւորած են միջազգային հանրութեան հետեւողական աջակցութիւնը` առկայ խնդիրներու հասցէագրման եւ լուծման գործին մէջ:

Հայաստանի վարչապետը եւ Ֆրանսայի նախագահը քննարկած են նաեւ Հայաստան-ԵՄ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի՝ ԵՄ-ի հետ փոխգործակցութեան հարցով, կ’ակնկալէ բարեկամ Ֆրանսայի շարունակական աջակցութիւնը:

Միաժամանակ, ՀՀ վարչապետը բարձր գնահատած է ՀՀ-ի մէջ ԵՄ առաքելութեան դերակատարումը եւ ընդգծած Ֆրանսայի կարեւոր դերը՝ ԵՄ-ի հետ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկի եւ Հայաստանին Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին կողմէ աջակցման հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment