Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանը Շրջանային Պատերազմի Կիզակէտ

Լիբանանը Շրջանային Պատերազմի Կիզակէտ

by MassisPost

Կազայի պատերազմի կայծերը սկսած է տարածուիլ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներ` կիզակէտ ունենալով Լիբանանի ճակատը, ուր տարիէ մը ի վեր շարունակուող փոխադարձ հռթիրարձակումները` իսրայէլի եւ Լիբանանեան « Հըզպալլա» կուսակցութեան միջեւ վերածուեցան լայնածաւալ պատերազմի: Այս վերջինը կը փորձէր թեթեւցնել Կազայի մէջ «Համասի» վրայ բանեցուող ռազմական ճնշումը: Սակայն, վերջին շաբաթներուն սահմանափակ բախումները վերածուեցան օդային ու ապա ցամաքային պատերազմի, որուն նախորդեցին «Հըզպալլա» ռազմականացած խմբաւորման անդամներուն մօտ գտնուող հաղորդակցութեան փոքր գործիքներու պայթումները, եւ ապա անոր յաջորդեցին կազմակերպութեան ռազմական եւ քաղաքական ղեկավարութեան թիրախաւորուած սպանութիւնները, հասնելու համար «Հըզպալլայի» ղեկավար Հասան Նասրալլայի սպանութեան, որ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք` Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ, որ կը նկատուէր «Հըզպալլայի» ամրոցը:  Շատեր կը խորհէին թէ շատ դժուար պիտի ըլլար հասնիլ Նասրալլային, նկատի ունենալով, որ ան կ’ապրէր ու կը գործէր ստորագետնեայ« լաւ պաշտպանուած թաքստոցներու մէջ:

Հասան Նասրալլայի մահը սուգի մատնեց Լիբանանի եւ անկէ անդին` իր կողմնակիցները: Ան «քարիզմա» ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր արտասանած ճառերով կ’արժանանար Արաբական աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներու հիացմունքին` խոստանալով անոնց ոչնչացնել Հրէական պետութիւնը եւ ազատագրել Երուսաղէմի մէջ գտնուող եւ Իսլամներու կարեւորագոյն սրբատեղիներէն մին նկատուող «Ալ Աքսա» մզկիթը:

Սակայն, ոչ բոլոր Լիբանանցիներնը,  կը համակրէին անոր ու իր գլխաւորած կազմակերպութեան: Շատեր կը մեղադրեն «Հըզպալլան», որ ան Իրանեան յեղափոխութեան պահապաններու մէկ ջոկատն է, պետութեան մէջ ստեղծած է պետութիւն, կը պահէ իր սեփական բանակը, որ աւելի ուժեղ է քան Լիբանանի բանակը եւ ամբողջ երկիրը կը մխրճէ պատերազմներու մէջ, որոնք իրը չեն: «Հըզպալլա» կը մեղադրուի նաեւ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի  եւ շարք  մը Քրիստնեայ եւ Մահմետական այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու սպանութեան մէջ:

«Հըզպալլան» նաեւ կը մեղադրուի 80-ական թուականներուն Պէյրութի Ամերիկեան դեսպանատան եւ օդակայանին մօտ գտնուող Ամերիկեան ծովայիններու հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն համար, որոնք խլեցին հարիւրաւոր Ամերիկացի զինուորներու կեանքը: Եւ զարմանալի չէր երբ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Նասրալլայի սպանութեան կապակցութեամբ ըսաւ, թէ անոր մահը «ինչ որ չափով արդարութիւն էր իր զոհերուն»:

Իսրայէլի անկաշկանդ գործողութիւնները դժգոհութիւն յառաջացուցին «Հըզպալլայի»  համակիրներուն մօտ` ուղղուած Իրանի դէմ, որ օգնութեան չհասաւ իր հովանաւորած կազմակերպութեան: Իրանի նոր նախագահ Մասուտ Փեզերշքիան, որ այդ օրերուն կը գտնուէր Նիւ Եորք, մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի տարեկան ժողովին, հանդէս եկաւ շատ չափաւոր յայտարարութիւններով: Թեհրան վերադարձին ան արժանացաւ քննադատութիւններու ու Երեքշաբթի երեկոյեան Իրանեան «պալիսթիք» հրթիռներ տեղացին Թել Աւիվի ու Իսրայէլի այլ քաղաքներուն վրայ: Այժմ, Իսրայէլ կը խոստանայ պատասխան հարուածներ հասցնել Իրանի ենթակառոյցներուն:

Այսպիսով, ամբողջ տարածաշրջանը դարձած է մեծ պատերազմի մը հաւանական թատերաբեմը, որուն մէջ կը մխրճուի նաեւ Ամերիկան, որ կանգնած է Իսրայէլի կողքին, մատակարարելով անոր իր ամենէն արդիական կործանիչ օդանաւերը, հակա-օդային պաշտպանութեան միջոցները եւ հետախուզական տուեալները, առանց որոնց Իսրայէլ պիտի չկարողանար հաստատել իր գերակայութիւնը տարածաշրջանի այլ երկիրներուն նկատմամբ ու հարուածներ հասցնել միաժամանկ եօթը երկիրներու` Իրանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Եմէնի, Իրաքի եւ Կազայի դէմ:

Լիբանանի Հայ համայնքը, առայժմ կը գտնուի ռազմական գործողութիւններէն հեռու վայրերու մէջ, սակայն պատերազմի հասցուցած տնտեսական վնասներն ու ընկերային դժուարութիւնները կը տարածուին երկրի բոլոր խաւերուն` ներառեալ Հայ քաղաքացիներուն վրայ:

Այժմ, գլխաւոր հարցը այն է թէ, ո՞ւր կրնայ հասնիլ «Հըզպալլա»-Իսրայէլ պատերազմը եւ արդեօք այդ դուրս եկած է վերահսկողութենէ վերածուելով տարածաշրջանային պատերազմի: Յառաջիկայ օրերը յղի են նոր զարգացումներով:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment