Երեւան կը կարեւորէ Պերլինի ջանքերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործընթացին մէջ՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքներու վրայ, յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ շնորհաւորական ուղերձ յղելով Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցին՝ Ազգային տօնի՝ Միասնութեան օրուան առթիւ:
Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ համատեղ ջանքերով նոր յաջողութիւններ պիտի արձանագրուին երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ՝ ի շահ երկու ժողովուրդներուն։
Օլաֆ Շոլց ջանքերով էր, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Նիկոլ Փաշինեանը Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումէն յետոյ Փետրուարին վերադարձան բանակցային սեղանի շուրջ։ Շոլց նաեւ յոյս յայտնած էր, որ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանն ընթացիկ տարուան մէջ խաղաղութիւն կը կնքեն:
Ապրիլին Պերլինի մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ, Շոլց կրկին պատրաստակամութիւն յայտնած էր աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ գործընթացին։ «Գերմանիան պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներուն անհրաժեշտ փոխզիջումներ գտնելու հարցով»,- ըսած էր Շոլց։