Հայ հասարակութեան մօտ հիասթափութիւն կայ ՌԴ-էն, ռուսական օգնութենէն։ Վարշաւայի Անվտանգութեան համաժողովին այս մասին նշած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ անդրադառնալով հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն։
«Գաղտնիք չէ այլեւս, որ հայ հասարակութեան մօտ հիասթափութիւն կայ Ռուսաստանի Դաշնութիւնից, ռուսական օգնութիւնից։ Երբ մեր սահմանների վրայ յարձակում եղաւ, ոչ Ռուսաստանը, ոչ ՀԱՊԿ միւս գործընկերները չարձագանգեցին»,- ըսած է նախարարը։
Միրզոյեան նաեւ անդրադարձած է ԵՄ հետ յարաբերութիւններուն՝ նշելով․ «Մենք ապրում ենք ժողովրդավարութիւնում, ինչը հասկանալիօրէն մեզ մօտեցնում է ԵՄ-ին, այդ թւում՝ հասարակական արժէքերի ծիրին մէջ։ Սակայն անվտանգութեան հարցում հայ հասարակութիւնը հոգեբանօրէն կապուած էր Ռուսաստանի հետ։ Այս 2-րդ բաղադրիչն այսօր տապալուած է, եւ այժմ մարդիկ պատճառ չեն տեսնում, թէ ինչո՞ւ ամբողջովին չկապվեն ԵՄ-ի հետ»։
ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Վարշաւայի մէջ Անվտանգութեան միջազգային համագումարին ըսած է, որ Երեւանը կը հաշուարկէ բոլոր վտանգները՝ կապուած ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու որոշման հետ։
«Կարծում եմ, որ մենք բոլորս պէտք է աւելի զգոյշ լինենք։ Գաղտնիք չէ, որ կայունութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն լինի, իսկ այն գործընթացը, որը կարող է տեղի ունենալ, պէտք է լաւ հաշուարկուի, կառավարուի։ Նկատի ունեմ, որ սա հասարակ հարց չէ»,- ըսած է նախարարը։
Միրզոյեան նաեւ յիշեցուցած է, որ Հայաստան սառեցուցած է իր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին, ինչպէս նաեւ չի պատրաստուիր վերադառնալու նախապէս եղած յարաբերութիւններուն․ «Մենք մեզ չենք տեսնում ռազմական դաշինքում, որը չի աշխատում»։
Աշխարհի մէջ որեւէ կառավարութեան համար մեծ մարտահրաւէր է 2-3 օրուայ ընթացքին 140 հազարէ աւելի փախստական ընդունիլը: Եթէ չկայ հնարաւորութիւն, որ ԼՂ-էն տեղահանուած մարդիկ վերադառնան իրենց տուները, ապա պէտք է գործադրել ամէն ջանք, որպէսզի անոնք համարկուին Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակութեան: Այս մասին յայտնեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ Վարշաւայի Անվտանգութեան համագումարի շրջանակներուն մէջ «Համաշխարհային կարգ եւ ժողովրդավարութիւն. քարտէզ Հարաւային Կովկասի համար» խորագրով բարձր մակարդակի քննարկման ժամանակ անդրադառնալով հարցին, թէ ինչպէս Հայաստանը կրցած է ընդունիլ ԼՂ-էն տեղահանուած մեծաթիւ մարդոց հոսքը։
«Մեր քաղաքականութիւնը հետեւեալն է, որ եթէ չկայ հնարաւորութիւն, որ այդ մարդիկ վերադառնան իրենց տները, ապա մեր քաղաքականութիւնն է ամէն ջանք գործադրել, որպէսզի նրանք համարկուեն Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակութեանը, աշխատանք գտնեն, նոր տներ կառուցեն մեր երկրում ու մնան Հայաստանում»,- նշած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան նախարարը: