ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման գործակալութիւնը հրապարակած է Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութեան եւ լրատուութեան սպառման ամէնամեայ հետազօտութեան արդիւնքները։
Կը նշուի, որ ինչպէս 2023 թուականին, 2024 թուականին նոյնպէս հարցուածներուն մեծամասնութիւնը կը կարծէ, որ Հայաստանի մէջ կայ խօսքի ազատութեան բարձր մակարդակ ինչպէս հասարակութեան, այնպէս ալ լրատուամիջոցներուն համար։ Հարցուածներուն 75 տոկոսը մարդոց արտայայտուելու ազատութիւնը կը համարէ լիովին կամ որոշակիօրէն ազատ, լրատուութեան պարագային այդ ցուցանիշը 72 տոկոս է:
2023 թուականի համեմատութեամբ 8 տոկոսով աճած է այն մարդոց թիւը, որոնք այժմ կը կարծեն, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները եւ համապատասխան կառոյցները համարժէքօրէն կը պաշտպանեն խօսքի ազատութիւնը ինչպէս լրատուամիջոցներու, այնպէս ալ անհատներու շրջանակին մէջ:
Ֆոքուս խումբի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը խօսքի ազատութիւնը կը սահմանէ որպէս սեփական կարծիքը արտայայտելու կարողութիւն՝ առանց հետեւանքներու մասին վախնալու: Հարցման մասնակիցները կը կարծեն, որ Հայաստանի մէջ անհատներն ու լրագրողները կրնան ազատ արտայայտել իրենց տեսակէտը թէ՛ իշխանութեան, թէ՛ ընդդիմութեան վերաբերեալ՝ առանց վախնալու անկէ բխող հետեւանքներէն։
Անոնք կը նշեն, որ լրագրողները կրնան հրապարակել ապակողմնորոշիչ պատմութիւններ՝ հաւանումներ ստանալու եւ բարձր վարկանիշ ձեռք բերելու համար, ինչ որ կրնայ բացասական հետեւանքներ ունենալ հասարակութեան համար։ Այս պահուածքը բացասաբար կը գնահատուի, յատկապէս որ լրագրողներու նման վարքը կը մնայ անպատիժ: Որոշ մասնակիցներ նոյնիսկ կ’առաջարկեն գրաքննութիւն կիրառել՝ լրագրողներուն աշխատանքը կարգաւորելու եւ տարածուող բովանդակութիւնը վերահսկելու համար: Բացի անկէ, մտահոգութիւններ կը հնչեն խօսքի ազատութեան չարաշահման վերաբերեալ, երբ վիրաւորական խօսքն ու քաղաքավարութեան պակասը կ’արդարացուին խօսքի ազատութեամբ:
Հարցման մասնակիցները որպէս հայկական լրատուական տիրոյթին մէջ խօսքի ազատութեան ամենաբարձր մակարդակ ունեցող միջոցներ կ’ընկալեն պլոկները, վլոկները եւ փոտքասթերը, նաեւ՝ լրատուական կայքերը՝ համապատասխանաբար 86 տոկոսը եւ 83 տոկոսը գնահատելով զանոնք «լիովին ազատ» եւ «որոշ չափով ազատ»։ Ի հակադրութիւն ասոր՝ տպագիր մամուլը եւ հեռուստատեսութիւնը կ’ընկալուին որպէս ազատութեան ամենացած մակարդակ ունեցող միջոցներ։
Վերլուծությունը ցոյց կու տայ, որ ընկերային ցանցերը հարցման մասնակիցներու մեծամասնութեան համար աստիճանաբար կը դառնան լրատուական կայքեր մուտք գործելու հիմնական միջոցը։
Ընկերային ցանցերէն աւելի յաճախ կ’օգտագործուին Եութիւպը եւ Ֆէյսպուքը, որոնցմէ կ’օգտուի հարցուածներուն համապատասխանաբար 81 եւ 77 տոկոսը: Յատկանշական է, որ Ինսթակրամի օգտագործումը զգալիօրէն աճած է՝ 2023 թուականի 42 տոկոսէն 2024 թուականին հասնելով 52 տոկոսի։