Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէտք Չէ Իրականութիւնը Խեղաթիւրել, ՀՀ-ն Որեւէ Տեղ Չէ Համաձայնած Իր Ինքնիշխանութեան Սահմանափակման. Նիկոլ Փաշինեան

Պէտք Չէ Իրականութիւնը Խեղաթիւրել, ՀՀ-ն Որեւէ Տեղ Չէ Համաձայնած Իր Ինքնիշխանութեան Սահմանափակման. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունեցած է ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստին։ Ան նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը լիովին կ’երաշխաւորէ իր տարածքով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը․

«Այն բոլոր պնդումները, թէ Հայաստանն ինչ-որ տեղ, ինչ-որ փաստաթղթում իբր համաձայնուել է, որ երրորդ երկրները պէտք է ապահովեն իր տարածքի ենթակառուցուածքների անվտանգութիւնը, ընդամէնն իրականութեան խեղաթիւրումներ են։ Ուզում եմ աւելացնել, որ այդպիսի խեղաթիւրումներ են նաեւ այն պնդումները, թէ իբր Հայաստանը երբեւէ կամ որեւէ տեղ համաձայնուել է ենթակառուցուածքների համար իր ինքնիշխանութեան որոշ սահմանափակումների։ Նման բան երբեք չի եղել, եւ դա իրականութեան ակնյայտ խեղաթիւրում է»,- ըսած է ան։

Համագումարին կը մասնակցին ԵԱՏՄ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամմատ Ռեզա Արէֆը եւ Ուզպեքիստանի վարչապետ Ապտուլլա Արիփովը:

Նախ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմաւորած է բարձրաստիճան հիւրերը, այնուհետեւ հիւրերը համատեղ տեսալուսանկարահանուած են։

Համագումարին կը յաջորդէ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը:

Երէկ ռուսական կողմը հաղորդեց, որ ուշադրութեան կեդրոնին, մասնաւորապէս, պիտի ըլլան ներքին շուկայի գործունէութեան, արդիւնաբերութեան, փոխադրութեան, մաքսային, գիւղատնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան զարգացման հարցերը։

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան կ’անդամակցին Ռուսաստանը, Հայաստանը, Պելառուսիան, Ղազախստանը եւ Ղրղըզստանը:

Այս տարուայ Յունուար 1-ին ԵԱՏՄ նախագահութիւնը Ռուսաստանէն անցաւ Հայաստանին։ Ռուսաստանի ու ՀԱՊԿ-ի հետ յարաբերութիւններու սրման լոյսին տակ Հայաստանը յայտարարած է, որ ԵԱՏՄ-ը տնտեսական ընկերակցութիւն է, որ պէտք չէ ունենայ քաղաքական, առաւել եւս՝ աշխարհաքաղաքական օրակարգ։ Ընդգծելով, որ Հայաստանը կը բազմազանեցնէ իր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւնը՝ Երեւանը նաեւ նշած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը ուղղուած չէ ԵԱՏՄ-ի դէմ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment