Իրանը պատրաստ է հասանելիութիւն տրամադրելու դէպի Չապահար նաւահանգիստ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան բոլոր երկիրներուն։ Այս մասին յայտնած է Իրանի արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Սեյիտ Մոհամմատ Աթապաքը Երեւանի մէջ Եւրասիական Տնտեսական Համաժողովի շրջանակներուն մէջ «ԵԱՏՄ-Իրան գործարար երկխօսութիւն» քննարկման ժամանակ։
Ինչպէս նշած է իրանցի նախարարը, Իրանի աշխարհագրական դիրքը կը նպաստէ դէպի Եւրոպա բեռներու տարանցման կազմակերպման։ Անով կ’անցնին տարբեր փոխադրութեան միջանցքներ, որոնք Սեւ ծովը կը կապեն Կասպից ծովի եւ Հնդկական ովկիանոսին հետ։
Անոր խօսքով՝ Հնդկական ովկիանոսին մէջ իրանեան Չապահար նաւահանգիստին հասանելիութիւնը ԵԱՏՄ-ի հետ համագործակցութեան ուղղութիւններէն մէկն է։
«Հասանելիութիւնը Հայաստանին արդէն տրամադրուած է: Մենք լիովին կ’աջակցինք այս նախագիծին: Աւելին, դէպի նաւահանգիստ ենթակառուցուածքը արդէն պատրաստ է ԵԱՏՄ բոլոր երկիրներու ներկայութեան համար»,- նշած է Աթապաքը։