Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Որեւէ Բանով Չեն Ճնշած, Ծառուկեանին Ոեւէ Մէկը Չի Կրնար Ճնշել». Գագիկ Ծառուկեան

«Որեւէ Բանով Չեն Ճնշած, Ծառուկեանին Ոեւէ Մէկը Չի Կրնար Ճնշել». Գագիկ Ծառուկեան

by MassisPost

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) նախագահ Գագիկ Ծառուկեան որեւէ քաղաքական ուժի, այդ շարքին՝ Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժման չ’աջակցիր։

«Ես ոչ մէկին չեմ աջակցում, չեմ էլ աջակցելու»,- Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ լրագրողներուն ըսաւ ան։

Մայիսի վերջաւորութեան Գագիկ Ծառուկեանը իր տան մէջ հիւրընկալած էր վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող Բագրատ սրբազանը։ ԲՀԿ ղեկավարը ըսաւ, որ որպէս իր ընտանիքի հարազատ ճաշ ունեցած է արքեպիսկոպոսին հետ։ Այն ժամանակ սրբազանը մտահոգութիւն յայտնած էր՝ Գագիկ Ծառուկեանի հետ հանդիպումէն յետոյ իրաւապահները գուցէ անոր ետեւէն աթ երթային։

ԲՀԿ առաջնորդը յաւելեց, որ քաղաքական որեւէ հանդիպում որեւէ արտախորհրդարանական ուժի հետ չէ եղած։

«Ես ոչ մէկի հետ չեմ միաւորուելու»,- յայտնեց ան։

Հարցին, թէ աւելի վաղ յարուցուած քրէական գործով ճնշուա՞ծ է իր քաղաքական գործունէութիւնը, Գագիկ Ծառուկեանը պատասխանեց.- «Ոչ մի բանով չեն ճնշել, Ծառուկեանին ոչ մէկը չի կարող ճնշել»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment