ՀՀ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանի խօսքով՝ քանի դեռ եկեղեցւոյ մէջ կան մարդիկ, որոնք քաղաքական յայտարարութիւններ կ’ընեն եւ փաստացի դիրքաւորուած են որպէս Հայաստանի անկախութեան դէմ պայքարող ուժերու խամաճիկներ, ակնյայտ է, որ յստակ այդ անձերուն նկատմամբ առնուազն վերաբերմունք ուղղակի փոխուիլ չի կրնար:
Ըստ անոր՝ այլ հարց է, եթէ այդ մարդիկ ապաշխարին:
Այս մասին ան կ’ըսէ «Հայկական Ժամանակ»-ի հետ զրոյցին՝ արձագանգելով հարցին, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է կարգաւորուին պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները՝ հաշուի առնելով Միւռոնօրհնութեան եւ Տաճարի վերաօծման արարողություններուն իշխանութիւններուն մասնակցիլը:
Անդրադառնալով հարցին, թէ ի՞նչ կը նշանակէր կաթողիկոսին յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ «մարտնչել Սուրբ Էջմիածնի դէմ նշանակում է մարտնչել հայոց ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ, հարուած հասցնել հայոց պետականութեանը», Ալեքսանեան կը նկատէ. «Հայաստանի անկախութեան դէմ մարտնչող որոշ հոգեւորականներ մարտնչում են նաեւ Էջմիածնի դէմ, հետեւապէս ճիշդ է կաթողիկոսը, ուղղակի չեմ կարծում, որ այդքան հասցէական է ասում: Նա Էջմիածնի ու ընդհանրապէս Հայաստանի դէմ պայքարողներին իր կողքերում պէտք է փնտռի»:
Ինչ կը վերաբերի Վազգէն (Բագրատ) Գալստանեանի՝ արարողութիւններուն ներկայ չգտնուելուն, պատգամաւորը կ’ըսէ. «Ի սկզբանէ էլ իրենք իրար մէջ այդքան էլ հաշտ չեն եղել, օրինակ՝ Գալստանեանին աջակցելու կամ Հայաստանի իշխանութիւնների ու անկախութեան դէմ որոշների ձգտման մասով: Ակնյայտ է, որ հակասութիւնները վերացուած չեն»:
Հարցումին՝ Հոկտեմբեր 2-ին Գալաստանեանը կրկին հաւաք հրաւիրած է, ի՞նչ սպասել, Վահագն Ալեքսանեան կը նշէ. «Արդէն վաղուց հնացած ու ընդհանրապէս դիտորդ չունեցող հեռուստաշարի նոր եթերաշրջանի բացումը, ուրիշ ոչինչ»: