Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իշխանութիւնը Ընդունեց Եկեղեցւոյ Հրաւէրը

Իշխանութիւնը Ընդունեց Եկեղեցւոյ Հրաւէրը

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը պիտի մասնակցի Սեպտեմբեր 29-ին՝ Կիրակի օրը, կայանալիք Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութեան եւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագին։

Արարողութեան պիտի մասնակցի նաեւ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայ գտնուելու մասին առայժմ տեղեկութիւններ չկան։ Վարչապետը կը գտնուի Նիւ Եորք եւ այդ օրը պիտի ժամանէ Հայաստան։ Եթէ ան գործի ժամանակացոյցով պայմանաւորուած անհնարինութիւն չունենայ, ամենայն հաւանականութեամբ կ’ընդունի եկեղեցւոյ հրաւէրը։

Միաժամանակ ընդդիմադիրները զարմանք կ’արտայայտեն ու բողոքի իւրօրինակ շարժումներ կ’իրականացնեն եկեղեցւոյ դէմ։ Օրինակ Գառնիկ Դանիէլեանը յայտնեց, որ պիտի չմասնակցի վերաօծման՝ իշխանութեան ներկայացուցիչներու ներկայ գտնուելուն պատճառով։ Բազմաթիւ ընդդիմադիր գործիչներ ալ բարձրաձայն կ’արտայայտեն իրենց զարմանքն ու դժգոհութիւնը՝ ուղղուած եկեղեցիին ու կաթողիկոսին, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ իշխանութեան հրաժարականը պահանջող եկեղեցին այդ իշխանութիւնը կը հրաւիրէ Մայր տաճարի վերաօծման։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment