ԱՄՆ-ը Հայաստանին 20 միլիոն 600 հազար ԱՄՆ տոլար աջակցութիւն պիտի տարամդրէ՝ ուղղուած կիպերանվտանգութեան, սահմանային անվտանգութեան եւ ուժանիւթային անվտանգութեան մեծացման եւ դիմակայունությեան ամրապնդման։
Ըստ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան՝ այս մասին նախօրէին յայտնած է ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրը՝ Նիւ Եորքի մէջ, գործակալութեան կողմէ կազմակերպուած «Ժողովրդավարութեան արդիւնքները» խորագրով բաց քննարկման ժամանակ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ողջունելով նոր ներդրումներն ու համագործակցութիւնը, ընդգծած է երկրի ժողովրդավարական յառաջընթացը՝ ժողովրդավարական դիմակայունութեան մեծացման ուղղութեամբ։
ԱՄՆ դեսպանութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Հայաստանի համար նախատեսուած նոր 20 միլիոն 600 հազար ԱՄՆ տոլար աջակցութիւնը կ’ապահովուի ի լրումն մօտ 11,9 միլիոն ԱՄՆ տոլարի, որուն մասին յայտարարուած էր Փաուըրի այս տարուայ Յուլիսին Հայաստան կատարած այցի ընթացքին։
1992 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգները մօտ 3 միլիառ տոլար տրամադրած է՝ աջակցելու Հայաստանի զարգացման։ Այս տարուայ Սեպտեմբերին ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (USAID) հայաստանեան գրասենեակը յայտարարեց, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը կը կրկնապատկէ Հայաստանին տրամադրուող ֆինանսաւորման շեմը՝ 120 միլիոն տոլարէն դարձնելով 250 միլիոն տոլար։