Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանիի վարչապետին կայքը, Սեպտեմբեր 24-ին Նիւ Եորքի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 79-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը:
Ըստ ՀՀ վարչապետի լրատուականին՝ հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները մանրամասն անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներուն մէջ արդէն իսկ կատարուած քայլերուն եւ առկայ պայմանաւորուածութիւններուն:
«Ընդգծուած է կարգաւորման գործընթացը առանց նախապայմաններու շարունակելու եւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը: Կողմերը անդրադարձ կատարած են նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն:
«Վարչապետ Փաշինեան նախագահ Էրտողանին տեղեկացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացի առկայ իրավիճակին, յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագրի ստորագրման պատրաստակամութեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մասին»,- ըսուած է Հայաստանի վարչապետի լրատուականին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
ՀՀ կառավարութեան հաղորդագրութիւնը չէ մանրամասնած, թէ ուր կայացած է հանդիպումը, սակայն, ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, յայտնի է, որ Փաշինեան-Էրտողան հանդիպումը կայացած է Turkish House անունը կրող երկնաքերին մէջ, որ տեղակայուած է Նիւ Եորքի Մանհաթըն թաղամասին մէջ ու կը պատկանի Թուրքիոյ կառավարութեան: Այստեղ կը գտնուին նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւնն ու Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը:
Ըստ թրքական մամուլի հրապարակումներուն՝ այս նոյն վայրին մէջ կայացած են Թուրքիոյ նախագահին հանդիպումները այլ երկիրներու առաջնորդներուն հետ, ներառեալ Գերմանիոյ վարբապետը, Եգիպտոսի նախագահը, Ուքրանիոյ նախագահը եւ այլ գործիչներ:
Իր հերթին, Թուրքիոյ նախագահին վարչակազմը X հարթակով եւս հաղորդած է հանդիպման մասին՝ կատարելով հետեւեալ գրառումը. «Թուրքիայի նախագահը, որ Նիւ Եորք կը գտնուի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի 79-րդ նստաշրջանին մասնակցելու համար, Turkish House-ի մէջ հանդիպած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ»:
Թրքական լրատուամիջոցներու ու շարք մը թելեկրամեան ալիքներու փոխանցմամբ, հանդիպման ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը իր հեղինակութեամբ գիրք նուիրած է Հայաստանի վարչապետին:
ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի նստաշրջանի իր ելոյթին ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողան անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական խաղաղ գործընթացին։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ յառաջընթացը պիտի արտացոլուի նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ, ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ ղեկավարը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսած է.
«Մենք կ’աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին եւ յոյսով ենք, որ այդ աշխատանքը կ’աւարտի որքան հնարաւոր է շուտ։ Յառաջընթացը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացին մէջ պիտի արտացոլուի նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վրայ»,- յայտնած է Էրտողան։