Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մեր Աշխոյժ Պայքարի Շրջանը Կը Վերսկսինք Հոկտեմբեր 2-ին. Գալստանեան

Մեր Աշխոյժ Պայքարի Շրջանը Կը Վերսկսինք Հոկտեմբեր 2-ին. Գալստանեան

by MassisPost

22 Սեպտեմբերին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ Վազգէն (Բագրատ) Գալստանեանը Սրբազան պայքարի համակիրներու հաւաք հրաւիրած էր:

Գալստանեանը ելոյթ ունենալով յայտարարած է պայքարը շարունակելու մասին:

«Մայիս ամսից անընդհատ լսում ենք, որ շարժումը մարել է կամ մարում է՝ ոմանց մօտ ուրախութիւն յառաջացնելով, իսկ ոմանց մօտ էլ՝ կասկածներ եւ տագնապ։

«Ցանկանում եմ յստակ, մէկ անգամ եւս ու ընդմիշտ արձանագրել՝ այս շարժումը նո՛ր է սկսում, եւ եթէ ոմանց համար սա քաղաքական գործ է, ինձ համար սա կեանք է»,- ըսած է Գալստանեան՝ տեղեկացնելով, որ իր աշխոյժ պայքարի շրջանը պիտի վերսկսի Հոկտեմբեր 2-ին՝ ժամը 18:30-ին՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Դատելով նկարներէն՝ Գալստանեանը չէ կրցած ամբողջութեամբ լեցնել դահլիճը. բազմաթիւ աթոռներ դատարկ եղած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment