Սեպտեմբեր 19-22-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը միասնական ազգային տաղաւարով Հնդկաստանի Հանրապետութեան Նիւ Տելհի քաղաքին մէջ մասնակցած է «World Food India 2024» միջազգային երրորդ ցուցահանդէսին՝ ներկայացնելով 11 հայկական ընկերութեան արտադրանք (ալքոհոլային խմիչք, ըմպելիք, վերամշակուած սնունդ եւ այլն)։ Այդ մասին յայտնած են ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութենէն:
Ընդհանուր առմամբ, այս տարի ցուցահանդէսը կը հիւրընկալէ 9 երկիր՝ ազգային տաղաւարով, ինչպէս նաեւ ընկերութիւններ եւ առեւտրային ցանցերու ներկայացուցիչներ՝ 30 երկրէ եւ շուրջ 15.000 այցելու։
Ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ կայացած է «Global Food Regulators Summit 2024»-ը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած են գործարար հանդիպումներ՝ B2B, B2G, G2G ձեւաչափերով։