Մէկ տարի առաջ՝ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին, Ատրպէյճանի կողմէ իննամսեայ շրջափակումէ յետոյ սկսաւ դաժան յարձակումը, որ յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու բռնի գաղթի։
Այս մասին «X»-ի իր էջով գրած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին՝ շարունակելով.
«Անոնց վերադարձի իրաւունքը ամրագրուած է Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին կողմէ»: