Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Նուիրուած Ընդունելութիւն

Ուաշինկթընի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Նուիրուած Ընդունելութիւն

by MassisPost

Սեպտեմբեր 16-ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան նուիրուած ընդունելութիւն, որուն մասնակցեցան ԱՄՆ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, մասնաւորապէս՝ Պետական քարտուղարի տեղակալ Ռիչըրտ Վերման, ԱՄՆ ՄԶԳ կառավարիչի տեղակալ Իզոպէլ Քոլման, ծերակուտական Էտ Մարքին, գոնկրէսական Ճիմ Քոսթան, Ժողովրդավարութեան ազգային հիմնադրամի նախագահ Տէյմըն Ուիլսընը, Համաշխարհային դրամատան՝ Հայաստանի գծով գործադիր տնօրէն Իւճին Ռուկենաաթը, Միջազգային Հանրապետական հիմնարկի փոխնախագահ Սթիվըն Նիքսը։ Միջոցառման ներկայ էին նաեւ ԱՄՆ պաշտպանութեան, առեւտուրի նախարարութիւններէն, Ուաշինկթընի մէջ գործող ուղեղային եւ վերլուծական կեդրոններէն, միջազգային, միջկառավարական, մշակութային, կրթական կառոյցներու, Գոնկրէսի անդամներու աշխատակազմերու, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքով հիւրերը ողջունեց Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունցը, որ, անդրադառնալով օրուայ խորհրդին, ներկայացուց ՀՀ անկախութեան 33 տարիներու հիմնական ձեռքբերումները։ Դեսպանը ընդգծեց վերանկախացումէն ի վեր ՀՀ-ԱՄՆ երկկողմ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ վերջին տարիներուն երկկողմ յարաբերութիւններու խորացումն ու յառաջընթացը։ Դեսպանը ընդգծեց ՀՀ եւ ԱՄՆ կառավարութիւններուն յանձնառութիւնը բարձրացնելու յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը Ռազմավարական Գործընկերութեան։ Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան օրակարգին Հայաստանի հավատարմութեան՝ դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնեց ԱՄՆ վարչակազմին թէ՛ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած բանակցութիւններուն աջակցելու, եւ թէ՛ 2021 եւ 2022 թուականներուն Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիները վերադարձնելու ջանքերուն համար։ Ան յաւելեց, որ ռազմագերիները եւ պահուող անձերը վերադարձնելուն ուղղուած աշխատանքները պիտի շարունակուին։ Նշեց, որ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան օրակարգի յանձնառութեան վառ օրինակ է ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագիրը՝ բարձր գնահատելով ամերիկեան կառավարութեան աջակցութիւնը այդ նախաձեռնութեան։ Դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնեց Գոնկրէսին մէջ հայկական հարցերու յանձնախումբին՝ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ կապերու ամրապնդման ուղղուած երկարամեայ աշխատանքին համար։

Իր ելոյթին մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ռիչըրտ Վերման ընդգծեց ԱՄՆ-ի մէջ հայ համայնքին էական ներդրումը երկրի զարգացման գործին մէջ։ Նշեց, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները անցած են ժամանակի փորձութիւնը եւ կը շարունակեն վերելք ապրիլ։ Ան յիշատակեց պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի խօսքերը՝ ուղղուած ՀՀ վարչապետ Փաշինեանին օրեր առաջ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին, այն է՝ «Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու մնալ աջակցելու բարեկեցիկ, ժողովրդավար եւ անկախ Հայաստանին»:

Յաջորդիւ ելոյթ ունեցաւ ԱՄՆ ՄԶԳ կառավարիչի տեղակալ Իզոպէլ Քոլմանը՝ ներկայացնելով ԱՄՆ ՄԶԳ կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագրերը։ Տիկին Քոլմանը շեշտեց 2018 թուականէն յետոյ ՀՀ-ին տրամադրուող աջակցութեան կրկնապատկումը, յիշատակեց Գործակալութեան՝ ԼՂ-էն տեղահանուած աւելի քան 100 հազար հայերու մարդասիրական կարիքներու բաւարարման ուղղուած աջակցութիւնը։

ԱՄՆ Գոնկրէսին մէջ հայկական յանձնախումբի գործուն անդամ, գոնկրէսական Ճիմ Քոսթան ընդգծեց յանձնախումբին շարունակական պատրաստակամութիւնը աջակցելու Հայաստանին առնչուող հարցերուն, նշեց, որ ԱՄՆ պէտք է ամուր կանգնած ըլլայ Հայաստանի կողքին՝ որպէս բարեկամ։ Միջոցառման ընթացքին հնչեցին հայ երաժշտահաններու յայտնի գործեր՝ տաղանդաւոր քանոնահարուհիներ Լիլիա եւ Ալեքսանտրա Եարալեաններու կատարմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment