Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Կը Բանակցի Հնդկաստանի Հետ Իր Օդուժի «Су-30» Կործանիչները Արդիականացնելու Համար

Հայաստանը Կը Բանակցի Հնդկաստանի Հետ Իր Օդուժի «Су-30» Կործանիչները Արդիականացնելու Համար

by MassisPost

Հայաստանը Հնդկաստանի Hindustan Aeronautics Limited (HAL) ընկերութեան հետ բանակցութիւններ սկսած է իր սպառազինութիւններու մէջ գտնուող Су-30 կործանիչները արդիականացնելու համար, յայտնած է ՀՀ Զինուած Ուժերու օդագնացութեան պետ-վարչութեան պետ Յովհաննէս Վարդանեանը։

Ան այդ պաշտօնին նշանակուած է 2022-ի Հոկտեմբերին։

«Մենք դիտարկում ենք մեր Су-30 կործանիչներն արդիականացնելու հնարաւորութիւնը Hindustan Aeronautics Limited ընկերութեան հետ, քանի որ այն մեծ փորձ ունի այդ ոլորտում»,- «Hindustan Times» թերթի փոխանցմամբ, ըսած է Վարդանեան՝ նշելով, որ այդ ոլորտին մէջ համագործակցելու հնարաւորութիւնը արդէն քննարկած է Հնդկաստանի պաշտպանութեան շտաբի պետ, զօրավար Անիլ Չաուհանի հետ։

Հնդիկ պաշտօնեան, որուն անունը թերթը չի հրապարկեր, հաստատած է այդ ոլորտին մէջ համագործակցելու հայկական կողմին հետաքրքրութիւնը, նշելով որ բանակցութիւնները կը գտնուին սկզբնական փուլին մէջ։ Պաշտօնեան ըսած է, որ Հայաստանի «Су-30» կործանիչները կը տարբերին Հնդկաստանի օդուժի «Су-30МКИ» տեսակի կործանիչներէն։

Հնդկական Hindustan Aeronautics Limited ընկերութիւնը «Су-30МКИ» բազմաթիրախային կործանիչներ կ’արտադրէ ռուսական արտօնագրով։ Այս պահին Հնդկաստանի օդուժին մէջ այդպիսի 270 կործանիչ կայ, ներառեալ Ռուսաստանէն ներկրուածները։

Այս տարուայ փետրուարին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտնեց, որ 2022-ի սեպտեմբերեան դէպքերէն յետոյ պարզ դարձաւ, որ Հայաստանի համար կը փակուին շուկաներ, խնդիր դրած են ապահովել զէնք-զինամթերքի ձեռքբերման բազմազանեցումը եւ ունին էական յառաջընթաց եւ յաջողութիւններ այս հարցով: Ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ շեշտեց՝ Ֆրանսան եւ Հնդկաստանը դարձած են Հայաստանի հիմնական գործընկերները։

Պաքուն իր դժգոհութիւնը յայտնած էր՝ նշելով, թէ չի կրնար նստիլ եւ սպասել, մինչեւ Ֆրանսան, Հնդկաստանը եւ Յունաստանը զինեն Հայաստանը Ատրպէյճանի դէմ։

Հնդկաստանն ալ արձագանգած էր՝ լաւ յարաբերութիւններ ունի Պաքուի եւ Երեւանի հետ, սակայն Նիւ Տելհին նաեւ կը մտածէ իր պաշտպանական արտադրանքի արտահանումը խթանելու մասին։

Երեւանը նաեւ յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ պաշտպանական զէնք գնել՝ անկախանկէ թէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելէ յետոյ ինչ անվտանգային իրավիճակ կ’ըլլայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment