Հայազգի բեմադրիչ եւ բեմագիր Սթիվ Զայիլեան «էմմի» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ ճանչցուած է լաւագոյն բեմադրիչ Netflix-ի «Ռիփլի» մինի հեռուստաշարին համար։
Մրցանակը ստանալով ատեն իր ելոյթին մէջ Զայիլյեան իր հիացմունքը յայտնած է Իտալիոյ գեղատեսիլ բնութեամբ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր դերասանական կազմին եւ նկարահանող անձնակազմին։
«Իտալիոյ մէջ «Ռիփլի»-ն նկարահանելը արդէն իսկ մրցանակ էր։ Ատիկա նման էր երազի։ Անկէ յետոյ ինծի այլեւս ոչինչ հարկաւոր էր։ Այս աշխատանքը ինքնին մրցանակ էր, եւ այնուամենայնիւ, ես կը գնահատեն այս պատիւը եւ այն կը կիսեմ բառացիօրէն հարիւրաւոր մարդոց հետ, որոնք աշխատած են «Ռիփլի»-ի վրայ»,- ըսած է Զայիլեանը։
Ութ մասէ բաղկացած մինի հեռուստաշարը հիմնուած է Փաթրիսիա Հայսմիթի «Տաղանդաւոր պարոն Ռիփլի» վէպին վրայ։ Գլխաւոր դերով հանդէս եկած է իրլանտացի դերասան Էնտրիւ Սքոթը։
Սեպտեմբեր 15-ին կայացած «Էմմի» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ լաւագոյն ողբերգութիւն ճանչցուած է «Սյոկուն» պատմական հեռուստաշարը, իսկ լաւագոյն կատակերգութիւն՝ «Հնարքներ» հեռուստաշարը։