Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Կալանաւորած Են ԱՄՆ-ի Մէջ Յայտնի Առեւտրականի Կնոջ Առեւանգման Կազմակերպիչը Եւ Կատարողները

Կալանաւորած Են ԱՄՆ-ի Մէջ Յայտնի Առեւտրականի Կնոջ Առեւանգման Կազմակերպիչը Եւ Կատարողները

by MassisPost

Սեպտեմբեր 12-ին ՀՀ Քննչական Կոմիտէի Երեւան քաղաքի Քննչական Վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնի քննիչները միջնորդութիւն ներկայացուցած են Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի Շէնգաւիթի նստավայր, որպէսզի դատարանը, որպէս խափանման միջոց, երկամսեայ կալանքի որոշում կայացնէ օրեր առաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած՝ կնոջ աղմկայարոյց առեւանգման կազմակերպիչին եւ կատարողներուն նկատմամբ։

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, դատաւոր Արթուր Գաբրիէլեանը դռնփակ դատական նիստը կատարելէ յետոյ գացած է խորհրդակցական սենեակ, ապա վերադառնալով բաւարարած է միջնորդութիւնը եւ կազմակերպիչ՝ Երեւանի բնակիչ 37-ամեայ Վաչէ Իսրայէլեանը, Տաւուշի մարզի բնակիչ 49-ամեայ Արկադի Պապեանը, Երեւանի բնակիչ 41-ամեայ Արտիոմ Մուրատեանն ու Կոտայքի մարզի բնակիչ 42-ամեայ Արծրուն Օհանեանը կալանաւորուած են:

Անոնք դատարանէն ձեռնաշղթայուած տեղափոխուած են ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական ծառայութեան համապատասխան հիմնարկ:

Աւելի վաղ յայտնի էր, որ լողաւազանի տարածքէն առեւանգուած է ԱՄՆ-ի մէջ յայտնի առեւտրականի կինը:

Քննչական Կոմիտէին հաղորդմամբ՝ դէպքին առթիւ 2024 թուականի Սեպտեմբեր 4-ին ՀՀ Քննչական Կոմիտէի ԵՔՔՎ Աջափնեակ եւ Դաւթաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժնին մէջ ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 191-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 5-րդ կէտի (Մարդ առեւանգելը) եւ 453-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով (Պաշտօնատար անձի կոչումը կամ լիազօրութիւնները ինքնակամ իւրացնելը) նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, որուն նախաքննութիւնը յանձնարարուած է քննչական խումբին։

Սեպտեմբեր 9-ին Ներքին գործերու նախարարութիւնը մանրամասներ եւ տեսանիւթ հրապարակած էր առեւանգուած կնոջ յայտնաբերման եւ առեւանգողները ձերբակալելու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment