Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատունը վարկային երկու ծրագիրով շուրջ 150 միլիոն տոլար վարկ պիտի տրամադրի Հայաստանի Հանրապետութեան։ Վարկային ծրագրերը վաւերացնելու մասին օրէնքին նախագիծերը հաստատուած են ՀՀ կառավարութեան նիստին ժամանակ։
Վարկային ծրագրերէն մէկը, որով Հայաստանին պիտի տրամադրուի 102 միլիոն եւրօ (շուրջ 110 միլիոն տոլար), կը նախատեսուի առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան ներդրման ընթացքին աջակցիլ ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան, բարելաւել առաջնային բժշկական օգնութեան որակը եւ նուազեցնել առողջապահական ծառայութիւններէն օգտուելու ֆինանսական խոչընդոտները բնակչութեան շրջանակին մէջ:
«Վարկային ծրագրով տրամադրուող ֆինանսական միջոցները նախատեսւում է ուղղել պետութեան կողմից օժանդակուող շահառու խմբերի ապահովագրավճարների տրամադրմանը: Իւրաքանչիւր տարի տրամադրուող գումարների չափը եւ եղանակը ենթակայ է համաձայնեցման Ելեւմուտքի նախարարութեան հետ ամէնամեայ պիւտճէի քննարկման շրջանակներում»,- ըսուած է որոշման հիմնաւորման մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան ու Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան միջեւ «համընդհանուր առողջապահական ծածկոյթի ծրագրի իրականացում» վարկային համաձայնագիրը ստորագրուած